Իսրայէլի հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Շլոմօ Քարհի կրօնական խօսք մը մէջբերելով յայտնեց. «Մեր ճամբան լուսաւորող Երուսաղէմի դռներու ապագան, մինչեւ Դամասկոսի դռներ հասնիլն է»:
Ան երէկ իսրայէլացի ծայրայեղական բնակեցուածներու հետ իսրայէլեան Հանաքայի` «Լոյսերու տօն»-ին չորրորդ օրուան առիթով Աքսայի մզկիթի շրջափակ ներխուժելէ ետք աղօթեց Լացի պատին վրայ, ինչպէս նաեւ աղօթեց իսրայէլացի բոլոր գերիներու տունդարձին համար:
Իսրայէլացի նախարարը այս յայտարարութիւնը կատարեց, մինչ իսրայէլեան ուժերը այս ամսուան ընթացքին հարաւային Սուրիոյ մէջ յառաջացան եւ կը շարունակեն սուրիական զինուորական տարբեր դիրքերու վրայ յարձակումներ գործել:


