Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Լարուածութիւն` Իրան-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններուն Մէջ

Յունուար 3, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Իրանին բողոք յայտնած է` իրանցի պաշտօնատարներու հակաազրպէյճանական հռետորաբանութեան նկատմամբ: Պաքուի մէջ Իրանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար սէյիտ Ժաաֆար Աղայի Մարիան 1 դեկտեմբերին կանչուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն:

Պատճառը Ազրպէյճանի եւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի հասցէին վիրաւորական յայտարարութիւններն էին, որոնք կատարուած են 29 դեկտեմբեր 2024-ին, Արտապիլի մէջ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի ներկայացուցիչ այաթոլլա սէյիտ Հասան Ամելիի մասնակցութեամբ ձեռնարկի ընթացքին: Ձեռնարկը սփռած է Իրանի պատկերասփիւռի կայաններէն մէկը:

«Ազրպէյճանական կողմը խիստ բողոք յայտնած է Իրանին` այս միջադէպին նկատմամբ, նաեւ դժգոհութիւն արտայայտուած է վերջերս Իրանի բնակչութեան շրջանակին մէջ ակնյայտ հակաազրպէյճանական տրամադրութիւններու բորբոքման առնչութեամբ», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ իրանցի դիւանագէտին ըսած են, որ հակաազրպէյճանական քարոզչութիւնը կը հակասէ երկկողմանի յարաբերութիւններու ոգիին:

«Նման քայլերը ուղղուած են ատելութեան եւ թշնամանքի սերմանման եւ չեն նպաստեր միջպետական եւ անձնական յարաբերութիւններու պահպանման ու խորացման, Ազրպէյճանը կը պահանջէ դադրեցնել նման սադրանքները երկրին դէմ», ընդգծած է նախարարութիւնը:

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Կրտսերներու Ֆութպոլի Խումբի Սեմինարը` Այնճարի Մէջ

Յաջորդը

Պլինքըն Եւ Պարրօ Քննարկեցին Սուրիոյ Եւ Լիբանանի Հարցերը

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Դաշնակիցներուն Եւ Իսրայէլի Փոխանցեցի, Թէ Տակաւին Համասի Դէմ Զինուորական Միջամտութիւն Կատարելու Ժամանակը Չեկաւ»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ
Միջազգային

Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?