Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կրինլանտը Չ՛ուզեր Միացեալ Նահանգներու Կազմին Մէջ Ըլլալ, Սակայն Պատրաստ Է Առեւտրական Գործարքի» Կ՛ըսէ Կրինլանտի Նախարարը

January 22, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կրինլանտի գործառնութեան, Առեւտուրի, հանքային պաշարներու, արդարադատութեան եւ սեռային հաւասարութեան նախարար Նաաճա Նաթանիելսեն «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին համար գրած յօդուածին մէջ նշած է, որ կղզին չ՛ուզեր դառնալ Միացեալ Նահանգներու մէկ մասը, սակայն պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու հետ առեւտրական գործարքի:

Ան ընդգծած է Կրինլանտի տնտեսական ներուժը եւ ամերիկեան ընկերութիւնները հրաւիրած աւելի սերտ համագործակցութեան:

Նաթանիելսեն նշած է, որ կղզին ունի 50 օգտակար հանքային նիւթերէն 39-ը, որոնք Միացեալ Նահանգներու կողմէ սահմանուած են իբրեւ խիստ կարեւոր: Կողմերը կը համագործակցին այս ոլորտին մէջ, իսկ վերջին պայմանագիրը ստորագրուած է 2019-ին, Տանըլտ Թրամփի նախագահութեան օրով:

«Ներկայիս Կրինլանտի մէջ հանքային արդիւնաբերութեան արտօնագիրներու մեծ մասը կը պատկանի Քանատայի եւ Բրիտանիոյ ընկերութիւններուն: Միացեալ Նահանգները ունին միայն մէկ, սակայն ես վստահ եմ, որ պատկերը կրնայ փոխուիլ», եզրափակած է նախարարը:

Յիշեցնենք, որ Թրամփ 7 յունուարին յայտարարած էր, որ Կրինլանտը պէտք է Միացեալ Նահանգներու մէկ մասը դառնայ` ազգային անվտանգութիւնը ապահովելու համար: 2019-ին, իր նախագահական առաջին նսաշրջանին, ան նշած էր, որ Միացեալ Նահանգները կրնան գնել Կրինլանտը, որ Դանիոյ կազմին մէջ գտնուող տարածք է եւ ունի ինքնավարութեան լայն իրաւունքներ: Կրինլանտի եւ Դանիոյ իշխանութիւնները յայտարարած են, թէ այս գաղափարը անհեթեթ է:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. 2025-ի Ախոյեանութեան Օրէնքներ

Յաջորդը

Զելենսքի. «100-Ամեայ Գործընկերութեան Համաձայնագիրի Ստորագրումէն Ետք Քիեւ-Լոնտոն Յարաբերութիւնները Աւելի Սերտ Են, Քան Երբեւէ»

RelatedPosts

Ուաշինկթըն Կը Զգուշացնէ Քիեւը
Գլխաւոր լուրեր

Ուաշինկթըն Կը Զգուշացնէ Քիեւը

October 13, 2026
Պատասխանելով Սալման Թագաւորին`  «Ուաշինկթընի Աջակցութիւնը  Որեւէ Արդիւնք Պիտի Չտայ»  Կ՛ըսէ Թեհրան
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Մեր Առաջարկներուն Ամերիկեան Պատասխանը Կը Սերտենք, Ապա Արդիւնքը Միջնորդներուն Պիտի Յայտնենք»

October 13, 2026
Իրան Իր Միջնորդութիւնը Կառաջարկէ  Սէուտական Արաբիոյ Եւ Հուսիներու Միջեւ
Միջազգային

Իրան Իր Միջնորդութիւնը Կառաջարկէ Սէուտական Արաբիոյ Եւ Հուսիներու Միջեւ

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.