Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուոլց. «Յառաջիկայ Օրերուն Կամ Շաբաթներուն Փութին-Թրամփ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Կրնայ Տեղի Ունենալ»

January 14, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը կրնայ տեղի ունենալ յառաջիկայ օրերուն կամ շաբաթներուն: «Էյ.Պի.Սի. Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Թրամփի ազգային անվտանգութեան հարցերով ապագայ խորհրդական Մայք Ուոլց:

Ըստ Ուոլցի, զրոյցը պիտի ըլլայ առաջին քայլը դէպի Թրամփ-Փութին վեհաժողովը, որուն նախապատրաստական աշխատանքները արդէն ընթացքի մէջ են:

«Մենք տակաւին չենք որոշած հանդիպման ստոյգ ձեւաչափը, սակայն այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատինք», ըսած է քոնկրեսականը` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին պիտի մասնակցի՞ հանդիպումին:

Ընդգծելով, որ ռուս-ուքրանական տագնապին շուրջ համաձայնութեան հասնելու համար կարեւոր է կայունացնել ռազմաճակատին վրայ կացութիւնը, Ուոլց ըսած է, որ Միացեալ Նահանգները պիտի ուզեն, որ նախ հաստատուի զինադադար, որմէ ետք կարելի պիտի ըլլայ աշխատիլ բանակցութիւններու ուղղութեամբ:

«Ամէն ինչ պէտք է աւարտի դիւանագիտական ճամբով», ըսած է Ուոլց:

Անցեալ ուրբաթ Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարած էր, որ Փութին պատրաստ է հանդիպելու Թրամփի հետ: Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահը նախապէս յայտարարած էր, որ ռուսական եւ ամերիկեան կողմերը կ՛աշխատին բարձր մակարդակի հանդիպում կազմակերպելու ուղղութեամբ:

Նախորդը

Զուիցերիան Պատրաստ Է Հիւրընկալելու Ուքրանիոյ Հարցով Թրամփ-Փութին Հանդիպումը

Յաջորդը

Քաթար Իսրայէլի Եւ Համասի Կը Յանձնէ Կազայի Մէջ Զինադադարի Համաձայնութեան Վերջնական Նախագիծը

RelatedPosts

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր  Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»
Միջազգային

Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»

October 10, 2026
Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ  Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ  Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»
Միջազգային

Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.