Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Օգնականներուն Յանձնարարած Է Փութինի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Կազմակերպել

January 21, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր օգնականներուն յանձնարարած է երդման արարողութենէն ետք քանի մը օրուան ընթացքին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն կազմակերպել: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.»-ը` յղում կատարելով աղբիւրներուն:

Անոնց խօսքով, զրոյցի նպատակներէն մէկը պիտի ըլլայ յառաջիկայ ամիսներուն անձնական հանդիպման քննարկումը, որպէսզի փորձեն «վերջ դնել» Ուքրանիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններուն:

Պատկերասփիւռի կայանի զրուցակիցներէն մէկը ըսած է, որ Թրամփ համոզուած է, որ «Փութինի հետ ուղղակի գործակցութիւնը ինքնին այն միջոցն է, որ անհրաժեշտ է գտնելու համար լուծում», որ վերջ պիտի դնէ զինուորական տագնապին:

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Մայք Ուոլց 12 յունուարին խօսած էր Թրամփի եւ Փութինի հանդիպման նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին: Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղարը իր կարգին բացատրած է, որ հաղորդակցութիւններու կազմակերպման աշխատանքները կրնան սկսիլ միայն Թրամփի երդման արարողութենէն ետք:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը գրէ, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներու հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները սովորաբար տեղի կ՛ունենան ամերիկացի նախագահներու երդման արարողութենէն ետք 1-2 շաբթուան ընթացքին:

ԹԱՍՍ կը ներկայացնէ նախորդ տարիներու ժամանակագրութիւնը. «6 օր` 2021 թուականին Պայտընի երդման արարողութենէն մինչեւ Փութինի հետ զրոյցը, 6 օր` Մետվետեւ-Օպամա, 2009 թուականին, 8 օր` Փութին-Թրամփ, 2017-ին, 11 օր` Փութին-Պուշ կրտսեր, 2001 թուականին, 12 օր` Փութին-Պուշ կրտսեր, 2005-ին»:

Ըստ ԹԱՍՍ-ի, 2013-ին Փութին Օպամայի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է անոր երկրորդ նստաշրջանի երդման արարողութենէն 40 օր ետք, սակայն անոնք նախապէս եւս հաղորդակցած են:

Նախորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Ռէալ Մատրիտ Օգտուեցաւ Աթլեթիքոյի Եւ Պարսելոնայի Արդիւնքներէն

Յաջորդը

Փեզեշքիան. «Պաղեստինցի Ժողովուրդը Ուժեղ Կերպով Եւ Արժանապատուութեամբ Կանգնեցաւ Սիոնական Գոյացութեան Դէմ Եւ Այս Մեծ Ձեռքբերումը Արձանագրեց»

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները  Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու  Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»
Միջազգային

Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»

November 11, 2026
Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ  Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»
Միջազգային

Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.