Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Մէջ «Թիքթոք»-ի Հասանելիութիւնը Դադրեցաւ. Ընկերութիւնը Կը Սպասէ Թրամփի Որոշումին

January 20, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու մէջ երէկ ուժի մէջ մտաւ օրէնք մը, որուն համաձայն, երկրին մէջ անվտանգութեան նկատառումներէ մեկնելով կ՛արգիլուի յայտնի «ԹիքԹոք» ընկերային ցանցի գործունէութիւնը: Այս մասին հաղորդեց «Պի.Պի.Սի.»-ն:

Յաւելուածը բանալով օգտատէրերը կը տեսնեն հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «ԹիքԹոք»-ը այս պահուս անհասանելի է: Միացեալ Նահանգները որդեգրած են «ԹիքԹոք»-ը արգիլող օրէնք: Ցաւօք, ասիկա կը նշանակէ, որ առայժմ չէք կրնար օգտագործել յաւելուածը: Բարեբախտաբար, նախագահ Թրամփ նշած է, որ պաշտօնը ստանձնելէ ետք, մեզի հետ պիտի աշխատի` «ԹիքԹոք»-ը դարձեալ գործարկելու նպատակով լուծում գտնելու համար»:

Թրամփ մէկ օր առաջ ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.Նիուզ» եւ «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայաններուն հետ զրոյցի ընթացքին կոչ ուղղեց «փրկելու ԹիքԹոք»-ը:

Ան ըսած էր, որ մտադիր է 90 օրով երկարաձգել «ԹիքԹոք»-ի աշխատանքը, մինչեւ որ հարցին լուծում գտնուի: Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահը խոստացած է համապատասխան յայտարարութիւն կատարել այսօր տեղի ունենալիք իր երդման արարողութենէն ետք:

Ան երէկ յայտարարեց. «Վաղը «ԹիքԹոք»-ի արգիլման օրէնքի կիրարկումը առկախող հրամանագիր մը պիտի հրապարակեմ»:

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը ապրիլ 2024-ին որդեգրած է օրէնք մը, որ «Պայթանս»-ին կը պարտաւորեցնէ հարթակը վաճառել ամերիկեան ընկերութեան: Հակառակ պարագային ընկերային ցանցը 19 յունուար 2025-էն սկսեալ պիտի արգիլուի:  Ըստ ամերիկացի պաշտօնատարներու, «ԹիքԹոք»-ը, որ կը պատկանի չինական ընկերութեան, Փեքինին կ՛արտօնէ տուեալներ հաւաքել ամերիկացիներու մասին եւ ազդել հասարակական կարծիքին վրայ:

«ԹիքԹոք»-ը բազմիցս հերքած է, որ Չինաստանի Համայնավար կուսակցութիւնը ընկերութիւնը կ՛օգտագործէ` քարոզչութիւնը եւ չինական շահերը խթանելու համար:

 

Նախորդը

Էրտողան. «Մօտ Օրէն Սուրիոյ Մէջ Քրտական Ջոկատները Մաքրագործելու Արմատական Քայլեր Պիտի Որդեգրենք»

Յաջորդը

Սուրիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը Կը Մերժէ Զինուորական Անջատ Պլոք Մնալու Քրտական Առաջարկ Մը

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.