Լիբանանեան

Ռումիէի Իսլամական Բանտարկեալները  Ուղղակիօրէն Հսկած Են Ժապալ  Մըհսենի Դէմ Գործուած Ահաբեկչութեան

Ռումիէի Իսլամական Բանտարկեալները Ուղղակիօրէն Հսկած Են Ժապալ Մըհսենի Դէմ Գործուած Ահաբեկչութեան

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի հրահանգով, երէկ առաւօտեան ներքին ապահովութեան ուժերու ոստիկանութեան մասնայատուկ ուժերու (ֆուհուտ) ջոկատ մը մուտք գործեց Ռումիէի բանտին իսլամական բանտարկեալներուն յատկացուած «Բ.» մասնաշէնքը, ուր նկատուեցաւ բարձրացող ծուխը եւ լսուեցան ձայներ` բարձրախօսով խօսակցութիւն եւ այլն: Լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը բանտին շրջակայքը, շուրջ երկու քիլոմեթր շրջագիծի լայնքով, ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրեցին: Բանակին ուղղաթիռները բանտին վերեւ թռիչքներ գործեցին, իսկ...

Արաբական Պատուիրակութիւն Մը  Այցելեց Պըրրիի Եւ Սալամի

Արաբական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պըրրիի Եւ Սալամի

Թաքտի, Սապահ եւ Արապի Արաբական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Քուէյթի Ա. փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար շէյխ Խալետ Համատ Սապահ, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի եւ Մաւրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Ուըլտ Թաքտի, երէկ հասաւ Պէյրութ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ: Այն Թինէի Մէջ Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց...

Կառավարութիւնը Վաւերացուց  Աղբերու Թղթածրարին Լուծումը

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Աղբերու Թղթածրարին Լուծումը

Կառավարութեան նիստէն պահ մը Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ երեկոյեան ժամը 5:45-ին վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որ յատկացուած պիտի ըլլար միայն աղբերու թղթածրարին: Սակայն նկատի ունենալով Ժապալ Մըհսենը թիրախ դարձուցած զոյգ անձնասպանական գործողութիւններն ու Ռումիէի բանտին մէջ գործադրուած ապահովական ծրագիրը, կառավարութիւնը քննարկեց նաեւ անոնց վերաբերող հարցեր: Նիստին ընթացքին նախարարներ Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ Ղազի Զաայթեր ուղղուեցան Քլեմանսօ` հանդիպում մը ունենալու...

Աունի Քաաքիի Գլխաւորած Անուանացանկը  Յաղթանակ Կ՛արձանագրէ  Մամլոյ Սենտիքայի Ընտրութիւններուն

Աունի Քաաքիի Գլխաւորած Անուանացանկը Յաղթանակ Կ՛արձանագրէ Մամլոյ Սենտիքայի Ընտրութիւններուն

Մամլոյ սենտիքայի կեդրոնին մէջ երէկ կէսօրին տեղի ունեցաւ սենտիքայի ընտրութիւն, որուն յաղթանակ արձանագրեց Աունի Քաաքիի գլխաւորած անուանացանկը: Նոր սենտիքայի ընտրութիւնը կատարուեցաւ սենտիքայի ընդհանուր ժողովին ընթացքին` նախագահութեամբ Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Մոհամետ Պաալպեքիի եւ ներկայութեամբ Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աունի եւ սենտիքայի 55 անդամներուն: Աունի Քաաքիի գլխաւորած անուանացանկը ստացաւ 46 քուէ: Սենտիքայի նախկին ատենադպիր Ապտել Քերիմ Խալիլ յայտնեց, որ սենտիքան իր յաջորդ...

Ժապալ Մըհսեն Կը Շարունակէ  Ողբալ Իր Նահատակները

Ժապալ Մըհսեն Կը Շարունակէ Ողբալ Իր Նահատակները

Ժապալ Մըհսենի մէջ սուգի մթնոլորտը մնաց տիրական եւ շրջանը շարունակեց ողբալ իր նահատակները, որոնց ընտանիքները Ալեւի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Ասատ Ասիի կողքին շարունակեցին ցաւակցութիւններ ընդունիլ` մաղթելով, որ լիբանանեան բանակը կը մնայ իրենց շրջաններուն մէջ` հսկելու ապահովական կայունութեան: Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ապտել Լաթիֆ Սալեհ յայտնեց, որ Ժապալ Մըհսեն շրջանցած է սադրանքներու հրահրումին հանգրուանը եւ արդէն իսկ կը...

Զօր. Աուն Ընդունեց Խազենը

Զօր. Աուն Ընդունեց Խազենը

Խազեն եւ զօր. Աուն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց Մարոնի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազենը, որուն հետ քննարկեց նախագահական ընտրութեան թղթածրարը: Հանդիպումէն ետք Խազեն յայտնեց, որ զօր. Աուն անհամբեր է հանդիպելու Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի` ընդգծելով, որ երկրին ազգային միասնականութիւնը սկսած է աւելի եւս ամրապնդուիլ, յատկապէս Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ տեղի...

Ֆրենժիէ Ընդունեց  Ապտել Ռահիմ Մըրատը

Ֆրենժիէ Ընդունեց Ապտել Ռահիմ Մըրատը

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ ընդունեց Իթթիհատ կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանային եւ միջազգային զարգացումները: Հանդիպումէն ետք Մըրատ հաղորդագրութեան մը ընդմէջէն հաստատեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն լիբանանեան ներքին իրադարձութիւններուն արմատական լուծումներ գտնելու առումով: Անդրադառնալով Ժապալ Մըհսենը թիրախ դարձուցած ահաբեկչութեան` Մըրատ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է համախմբուիլ...

Ժեմայէլ. «Կառավարութեան Աշխատելաձեւին  Փոփոխութիւնը Կրակով Խաղալու Համազօր Է»

Ժեմայէլ. «Կառավարութեան Աշխատելաձեւին Փոփոխութիւնը Կրակով Խաղալու Համազօր Է»

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին մաղթեց, որ լիբանանեան ապահովութեան ուժերը հսկեն երկրին ապահովութեան` կանխարգիլելու համար ահաբեկչական արարքները: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի քաղաքական կացութիւնը մտահոգիչ է` նկատել տալով, որ կարծէք նախագահական ընտրութիւնը մոռցուած է եւ լուսանցքայնացուած, մինչդեռ անիկա իսկական սկիզբն է` ապահովական կայունութեան հաստատումին: Ժեմայէլ ցաւակցութիւն յայտնեց Ժապալ Մըհսենի բնակիչներուն` ողջունելով Թրիփոլիի կողմէ ահաբեկչական այդ...

Ապպաս Իպրահիմ Ստուգեց Մասնահի  Սահմանին Վրայ Որդեգրուած  Միջոցառումներու Գործադրութիւնը

Ապպաս Իպրահիմ Ստուգեց Մասնահի Սահմանին Վրայ Որդեգրուած Միջոցառումներու Գործադրութիւնը

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ առաւօտեան ուղղուեցաւ Մասնահի սահման, ուր ստուգեց սուրիացի քաղաքացիներուն Լիբանան մուտք գործելուն առումով որդեգրուած միջոցառումներու գործադրութիւնը: Իպրահիմ հանդիպումներ ունեցաւ միջոցառումներուն գործադրութեան հոլովոյթին հետեւող սպաներուն հետ եւ անոնց որոշ ցուցմունքներ տուաւ, ինչպէս նաեւ հանդիպեցաւ Լիբանան հասնող կարգ մը սուրիացի քաղաքացիներու, որոնցմէ իմացաւ անոնց պահանջները եւ որդեգրուած միջոցառումներուն մասին անոնց տեսակէտը: Իպրահիմ ընդգծեց, որ որդեգրուած...

Ժապալ Մըհսեն Անձնասպանական  Զոյգ Գործողութիւններու Թիրախ

Ժապալ Մըհսեն Անձնասպանական Զոյգ Գործողութիւններու Թիրախ

Հետզհետէ իր ախորժակները աւելի եւս սրած ահաբեկչութիւնը դարձեալ թիրախ դարձուց Լիբանանը` խլելով զոհեր եւ պատճառելով վիրաւորներ: Շաբաթ երեկոյեան Ժապալ Մըհսենի մէջ գտնուող «Օմրան» սրճարանը թիրախ դարձաւ անձնասպանական երկու գործողութիւններու, որոնք պատահեցան քանի մը երկվայրկեանի յաջորդականութեամբ: Զոյգ պայթումները պատճառեցին 11 զոհ եւ վիրաւորեցին 40 ուրիշներ: Լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը անմիջապէս փութացին դէպքին վայրը եւ շրջափակեցին զայն: Ժապալ Մըհսեն հասան նաեւ...

Քանաան – Ժահժահ Հանդիպում

Քանաան – Ժահժահ Հանդիպում

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահի միջեւ հանդիպում մը կատարելու շրջագիծին մէջ, շաբաթավերջին երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան այցելեց Մեհրապ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ժահժահի հետ: Հանդիպումէն ետք Քանաան յայտնեց, որ Ժահժահի հետ իր հանդիպումը լուրջ էր եւ անկեղծ` աւելցնելով, որ Ռապիէի եւ Մեհրապի միջեւ խորհրդակցութիւնները կը միտին զօր. Աունի եւ Ժահժահի...

Այնճարը Սպիտակով Պատուած

Այնճարը Սպիտակով Պատուած

Լուսանկարները` Այնճարի քաղաքապետութեան Դիմատետրի պաշտօնական էջէն: Լիբանանը հարուածած վերջին ձիւնամրրիկին ունեցած ազդեցութիւնները լուսարձակի տակ առնելու եւ լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ տիրող իրավիճակը ներկայացնելու շրջագիծին մէջ, երէկ յետմիջօրէին «Ազդակ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Այնճարի քաղաքապետ Կարապետ Փամպուքեանի հետ` իմանալու համար հայաւանին մէջ տիրող իրավիճակը: Կ. Փամպուքեան յայտնեց, որ Այնճարի մէջ կեանքը սովորական թափով կը շարունակուի, հակառակ գիւղաքաղաքին մէջ տեղացած առատ ձիւնին,...

Միւֆթի Սապունժի Ոչ Եւս Է

Երէկ առաւօտեան Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի նախկին միւֆթի Թահա Սապունժի մահացաւ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան: Տար Ֆաթուա եւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան պաշտօնապէս գուժեցին միւֆթի Սապունժիի մահը:

«Հարկ Է Ընտրել Իր Անձնական  Շահերը Ստորադասող Նախագահ Մը»  Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

«Հարկ Է Ընտրել Իր Անձնական Շահերը Ստորադասող Նախագահ Մը» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին ան արտասանեց քարոզ մը` կարեւոր նկատելով հանրապետութեան նախագահի մը ընտրութիւնը: Ռայի պատրիարքը ընդգծեց նաեւ պետական հաստատութիւններուն աշխատանքին հաւատացող քաղաքական անձնաւորութիւններ ունենալու կարեւորութիւնը: Միւս կողմէ, ան շեշտեց, որ երեսփոխանները իրենց պարտականութիւնը պէտք է կատարեն եւ ընտրեն հանրապետութեան նախագահ մը, որ գիտէ ստորադասել իր անձնական շահերը եւ ունենայ...

Քուէյթի Արտաքին Գործոց Նախարարը Այսօր Պաշտօնական Այցելութեամբ Կը Հասնի Պէյրութ

Քուէյթի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Սապահ Խալետ Ահմետ Սապահ այսօր պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի հասնի Պէյրութ` ընկերակցութեամբ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի եւ Մաւրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Ուըլտ Թաքտիի: Լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ իրենց ունենալիք հանդիպումներուն ընթացքին անոնք պիտի քննարկեն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ Պաղեստինը իբրեւ պետութիւն ճանչնալու բանաձեւին ձախողութեան հարցը եւ անոր լոյսին տակ Պաղեստինեան դատին եւ պաղեստինցիներուն...

«Բանակը, Ժողովուրդն Ու Դիմադրութիւնը  Պիտի Տապալեն Ահաբեկիչները»  Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Բանակը, Ժողովուրդն Ու Դիմադրութիւնը Պիտի Տապալեն Ահաբեկիչները» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Սէյիտ Հասան Նասրալլա Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ Մոհամետ մարգարէի ծննդեան տօնին առիթով արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ իսլամական աշխարհը շնորհաւորեց Մոհամետ մարգարէի, իսկ քրիստոնեաները` Յիսուսի ծննդեան տօներուն առիթով: Ան նշեց, որ 2015-ի իբրեւ կարգախօս իրենք ընտրած են հետեւեալը. «Մոհամետը` ողորմութեան մարգարէն», աւելցնելով, որ իսլամական կրօնին անունով ոճիրներ գործող ահաբեկիչներն ու հաւատադրժողական խմբաւորումները պատմութեան ընթացքին ամէնէն աւելի չարիք...

Վարչապետ Սալամ. «Իբրեւ Լիբանանցիներ  Բաց Երկխօսութենէն Բացի Միջոց Չունինք»

Վարչապետ Սալամ. «Իբրեւ Լիբանանցիներ Բաց Երկխօսութենէն Բացի Միջոց Չունինք»

Թամմամ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց պաղեստինցի գաղթականներու հարցերուն վերաբերող խորհրդաժողովի մը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ լիբանանցիները բաց երկխօսութենէն բացի միջոց չունին իրենց հարցերը լուծելու եւ իրենց ազգային  ընթացքը խոչընդոտող արգելքներուն վերջ տալու: Վարչապետ Սալամ զօրակցութիւն յայտնեց այդ խորհրդաժողովին եւ կոչ ուղղեց լիբանանեան ազգային երկխօսութեան վերսկսելու:

Լիբանանի Մէջ Ցրտաշունչ Եղանակը Կը Շարունակուի

Լիբանանի Մէջ Ցրտաշունչ Եղանակը Կը Շարունակուի

Լիբանանը հարուածած «Զէյնա» փոթորիկին պատճառով երրորդ օրն ըլլալով երկրին մէջ կը տիրէ սաստիկ ցուրտ, լեռնային գրեթէ բոլոր ճամբաները կը մնան փակ, իսկ այլ ճամբաներ, որոնք կարեւոր են առօրեայ երթեւեկին համար, մերթ կը բացուին եւ մերթ կը փակուին տեղացած առատ ձիւնին պատճառով: Սպիտակը ծածկած է լիբանանեան բոլոր շրջանները, ներառեալ ծովեզերեայ շրջանները, իսկ երեխաները կը մնան իրենց բնակարաններուն մէջ` յարգելով կրթութեան նախարարին...

Պըրրի Ընդունեց  Գերմանիոյ Դեսպանը

Պըրրի Ընդունեց Գերմանիոյ Դեսպանը

Դեսպան Քլակըս եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Քրիսթիան Քլակըսը` ներկայութեամբ տեղեկատուական հարցերու իր խորհրդական Ալի Համտանի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:  

«Նախագահական Ընտրութեան Որոշումը  Ուղղակիօրէն Կախեալ Է  Շրջանին Մէջ Սիւննի-Շիի Տագնապէն»  Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

«Նախագահական Ընտրութեան Որոշումը Ուղղակիօրէն Կախեալ Է Շրջանին Մէջ Սիւննի-Շիի Տագնապէն» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Պշարա Ռայի պատրիարքը Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան որոշումը ուղղակիօրէն կախեալ է շրջանին մէջ սիւննի-շիի տագնապէն` աւելցնելով, որ այդ իմաստով Սէուտական Արաբիա եւ Իրան հիմնական խօսք ունին: Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ ինք համարում ունի տեղեկատուական մարզին առարկայական եւ շինիչ դերակատարութեան նկատմամբ` նկատել տալով, որ լիբանանեան պետութիւնը կը...

Page 983 of 985 1 … 982 983 984 985

Արխիւներ