Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այնճարը Սպիտակով Պատուած

January 12, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
011115_ainjar1
Լուսանկարները` Այնճարի քաղաքապետութեան Դիմատետրի պաշտօնական էջէն:

Լիբանանը հարուածած վերջին ձիւնամրրիկին ունեցած ազդեցութիւնները լուսարձակի տակ առնելու եւ լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ տիրող իրավիճակը ներկայացնելու շրջագիծին մէջ, երէկ յետմիջօրէին «Ազդակ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Այնճարի քաղաքապետ Կարապետ Փամպուքեանի հետ` իմանալու համար հայաւանին մէջ տիրող իրավիճակը:

Կ. Փամպուքեան յայտնեց, որ Այնճարի մէջ կեանքը սովորական թափով կը շարունակուի, հակառակ գիւղաքաղաքին մէջ տեղացած առատ ձիւնին, որուն մասին քաղաքապետը ըսաւ. «Մենք Աստուծոյ բարիքները կը վայելենք»:

Ան շեշտեց, որ ամբողջ Լիբանանի մէջ Այնճար բացառութիւն է, որովհետեւ հոն կը գործադրուին այնպիսի ծրագիրներ, որոնք քաղաքացիին կը մատուցեն հանգիստ պայմաններ եւ ծառայութիւն:

Կ. Փամպուքեան նշեց, որ քաղաքապետարանը տնօրինած է հիմնական երկու ծրագիրներ, որոնց լոյսին տակ ելեկտրականութիւնն ու ջուրը դարձած են գիւղաքաղաքին սեփականութիւնը:

011115_ainjar2011115_ainjar3Ան շեշտեց, որ մէկ շաբաթէ ի վեր պետութեան կողմէ հայաւանին  ելեկտրականութիւն չէ տրամադրուած, սակայն Այնճարի մէջ հաստատուած ելեկտրական հոսանք արտադրող յատուկ շարժակներու դրութեան շնորհիւ ամէն ինչ սովորական կերպով ընթացած է, իսկ ցուրտին պատճառով սառած ջուրին հարցը նաեւ լուծուած է քաղաքապետութեան կողմէ, որ ջուր հայթայթած է բոլորին:

Ան աւելցուց նաեւ, որ քաղաքապետութիւնը փոխանցած է բոլորին` գիւղաքաղաքին մէջ երթեւեկը նուազագոյնի իջեցնելու անհրաժեշտութիւնը:

Անդրադառնալով կրթութեան նախարարութեան տուած որոշումին` Կ. Փամպուքեան շեշտեց, որ Այնճարի դպրոցները փակուած են` համաձայն կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապի որոշումին:

«Փոթորիկին պատճառով ոչ մէկ վնաս կրած ենք եւ ոչ մէկ տագնապի դէմ յանդիման գտնուած, ինչպէս նաեւ պատրաստ ենք դիմագրաւելու այլ ձիւնամրրիկներ», եզրափակեց Կ. Փամպուքեան:

Նախորդը

Միւֆթի Սապունժի Ոչ Եւս Է

Յաջորդը

Քանաան – Ժահժահ Հանդիպում

RelatedPosts

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց  Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները
Լիբանանեան

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները

November 14, 2026
Ռիաշի Լիբանանի Մէջ  Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին  Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ
Լիբանանեան

Ռիաշի Լիբանանի Մէջ Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ

November 14, 2026
Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»
Լիբանանեան

Միւֆթի Քապալան. «Պիտի Չընդունինք Որեւէ Գործարք, Որ Լիբանանի Գերիշխանութիւնն Ու Շահերը Կը Խաթարէ»

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.