Վարչապետ Սալամի Եւ Մուսթաքպալ Հոսանքի Ղեկավարին Ներկայացուցիչները Ցաւակցութիւն Յայտնեցին Ալեւի Խորհուրդին
Ռաշիտ Տըրպաս Վարչապետ Թամմամ Սալամի ներկայացուցիչ նախարար Ռաշիտ Տըրպաս երէկ այցելեց Ալեւի խորհուրդին կեդրոնատեղին, ուր ցաւակցութիւն յայտնեց Ժապալ Մըհսենը թիրախ դարձուցած պայթումներուն պատճառով նահատակուած քաղաքացիներուն հարազատներուն: Տըրպաս հաստատեց, որ Թրիփոլի իր բոլոր բաղադրիչներով կը զօրակցի Ժապալ Մըհսենի` շեշտելով, որ վարչապետ Սալամ եւ Սաատ Հարիրի Աղէտներու հատուցման գերագոյն խորհուրդը զետեղած են Ժապալ Մըհսենի տրամադրութեան տակ, իսկ լիբանանեան պետութիւնը պատրաստ է օժանդակելու`...

















