Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռումիէի Իսլամական Բանտարկեալները Ուղղակիօրէն Հսկած Են Ժապալ Մըհսենի Դէմ Գործուած Ահաբեկչութեան

Յունուար 13, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

011215_roumieՆերքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի հրահանգով, երէկ առաւօտեան ներքին ապահովութեան ուժերու ոստիկանութեան մասնայատուկ ուժերու (ֆուհուտ) ջոկատ մը մուտք գործեց Ռումիէի բանտին իսլամական բանտարկեալներուն յատկացուած «Բ.» մասնաշէնքը, ուր նկատուեցաւ բարձրացող ծուխը եւ լսուեցան ձայներ` բարձրախօսով խօսակցութիւն եւ այլն:

Լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը բանտին շրջակայքը, շուրջ երկու քիլոմեթր շրջագիծի լայնքով, ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրեցին: Բանակին ուղղաթիռները բանտին վերեւ թռիչքներ գործեցին, իսկ շրջանին մէջ ստեղծուեցաւ երթեւեկի ահաւոր խճողում մը` նկատի ունենալով, որ ապահովական ուժեր փակեցին Նահր Մոթ-Ռումիէ ճամբան:

Այս առումով Ն. Մաշնուք շեշտեց, որ Ռումիէի բանտին մէջ գործադրուելիք ապահովական ծրագիրը սկսած է իսլամական բանտարկեալներուն մասնաշէնքէն` նկատի ունենալով այն բացայայտումները, թէ իսլամական բանտարկեալներ ուղղակիօրէն հսկած են Ժապալ Մըհսենի դէմ գործուած ահաբեկչութեան:

Մաշնուք ուղղուեցաւ Ռումիէ, ուր հսկեց որդեգրուած ապահովական միջոցառումներուն, որոնց շրջագիծին մէջ իսլամական բանտարկեաները «Բ.» մասնաշէնքէն դուրս բերուեցան եւ փոխադրուեցան նորակառոյց «Դ.» մասնաշէնք:

Ներքին ապահովութեան ուժերը հաստատեցին, որ փոխադրութեան գործողութիւնն ու «Բ.» մասնաշէնքի խուզարկումը կատարուած են` առանց մարդկային վնաս պատճառելու:

Ոստիկանութեան կողմէ կատարուած ապահովական գործողութեան աւարտին Նուհատ Մաշնուք մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու ոստիկանութեան մասնայատուկ ուժերն ու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ուժերը ինը ժամուան ապահովական գործողութեան մը ընթացքին լիբանանեան պետութեան եւ չափաւորականութեան համար նոր յաղթանակ մը արձանագրած են` աւելցնելով, որ Ռումիէի բանտի առասպելը արդէն իսկ վերջ գտած է:

Մաշնուք ընդգծեց, որ այս առումով կարեւորագոյն իրականութիւնը այն է, թէ երբ կամքը եւ լիբանանեան բանակին հետ գործակցութիւնը գոյութիւն ունենան, ապա ապօրինի բոլոր ուժերը կարելի է տապալել:

Մաշնուք շեշտեց, թէ բոլոր այն պատմութիւնները, որոնք կը հաստատէին, որ լիբանանեան կարգ մը շրջաններ թիրախ դարձուցած այս կամ այն արարքը գործուած է Ռումիէի բանտէն, աւարտած կարելի է նկատել, ապահովութեան ուժերուն գործադրած այս ծրագիրին շնորհիւ:

«Շատեր գրաւի ենթարկած են այս ծրագիրը յաջողցնելու մեր կարողութիւնը, սակայն ապահովութեան ուժերուն, բանակին եւ քաղաքական որոշումին շնորհիւ կարելի եղաւ պաշտպանել պետութիւնն ու քաղաքացիները», ըսաւ Մաշնուք:

Մաշնուք յայտնեց, որ կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին իրենք պիտի կարենան վերանորոգել բանտին գլխաւոր շէնքը, ուր մարդկային տարրական իրաւունքները կը յարգուին: Այս առիթով ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակցեցան Ռումիէի բանտին վերաշինութեան առիթով կազմակերպուած հանգանակութեան:

Ան կոչ ուղղեց կառավարութեան հիմնելու բանտի նոր շէնք մը, ինչ որ երեք տարուան ընթացքին կարելի է իրականացնել` ապահովելով լիբանանեան պետութեան արժանապատուութիւնը:

Ներքին գործոց նախարարը հաստատեց, որ իրենք յստակ տեղեկութիւններ ունին, որ Ժապալ Մըհսենը թիրախ դարձնող ահաբեկչութեան հսկած են Ռումիէի «Բ.» մասնաշէնքի արգելափակեալները, որոնք ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի անդամներ են:

Մաշնուք նշեց, որ գործադրուած ապահովական ծրագիրին ընթացքին ոչ մէկ բանտարկեալ վիրաւորուած է, այլ` պարզապէս անոնց միջեւ հաղորդակցութիւնները վերջ գտած են: Մաշնուք նշեց, որ առեւանգուած բանակայինները ոչ մէկ փորձանքի պիտի ենթարկուին, որովհետեւ բոլոր արգելափակեալները լաւ վիճակի մէջ են: «Մենք մեր պարտականութիւնը կատարեցինք, ինչպէս խոստացած էինք առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքներուն», ըսաւ Մաշնուք:

Նախորդը

Արաբական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պըրրիի Եւ Սալամի

Յաջորդը

«Թուրքիա Ցեղասպանութեան Պնդումներուն Հարցին Մէջ Ետ Կը Մնայ` Լաւ Ռազմավարութիւն Չունենալուն Պատճառով» Կ՛ըսէ Թուրք Նախկին Դեսպանը

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?