Մամլոյ սենտիքայի կեդրոնին մէջ երէկ կէսօրին տեղի ունեցաւ սենտիքայի ընտրութիւն, որուն յաղթանակ արձանագրեց Աունի Քաաքիի գլխաւորած անուանացանկը:
Նոր սենտիքայի ընտրութիւնը կատարուեցաւ սենտիքայի ընդհանուր ժողովին ընթացքին` նախագահութեամբ Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Մոհամետ Պաալպեքիի եւ ներկայութեամբ Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աունի եւ սենտիքայի 55 անդամներուն:
Աունի Քաաքիի գլխաւորած անուանացանկը ստացաւ 46 քուէ:
Սենտիքայի նախկին ատենադպիր Ապտել Քերիմ Խալիլ յայտնեց, որ սենտիքան իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ հինգշաբթի, 15 յունուար 2015-ին` ընտրելու համար սենտիքայի նոր նախագահը, փոխնախագահը, ատենադպիրն ու գանձապահը:
Նշենք, որ Մամլոյ սենտիքային մաս կը կազմեն 18 անդամներ, որոնցմէ 12-ը` քաղաքական օրաթերթերու ներկայացուցիչները, 5-ը` քաղաքական շաբաթաթերթերու ներկայացուցիչներ, իսկ 1-ը` ոչքաղաքական հրատարակութեան ներկայացուցիչ:
Նորընտիր սենտիքայի անդամներն են.
Քաղաքական օրաթերթերու ներկայացուցիչներ` Աունի Քաաքի, Ապտել Քերիմ Խալիլ, Ռաֆիք Խուրի, Ժորժ Սոլաժ, Ղասսան Հաժժար, Մալեք Մրուէ, Եասեր Աքքաուի, Ֆատի Նուն, Թալալ Հաթում, Ժորժ Պաշիր, Ղասսան Օմէյրա եւ Սաէր Ապպաս:
Քաղաքական շաբաթաթերթերու ներկայացուցիչներ` Ուալիտ Աուատ, Մարսել Նատիմ, Ֆայսալ Ապու Զաքի, Պասսամ Աֆիֆի եւ Ժորժ Թրապուլսի:
Ոչքաղաքական հրատարակութեան ներկայացուցիչ` Ֆիլիփ Ապի Աքըլ: