Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաբական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պըրրիի Եւ Սալամի

Յունուար 13, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Թաքտի, Սապահ եւ Արապի
Թաքտի, Սապահ եւ Արապի

Արաբական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Քուէյթի Ա. փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար շէյխ Խալետ Համատ Սապահ, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի եւ Մաւրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Ուըլտ Թաքտի, երէկ հասաւ Պէյրութ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ:

Այն Թինէի Մէջ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց արաբական պատուիրակութիւնը, որ Լիբանանի նկատմամբ իր զօրակցութիւնը յայտնեց:

Սապահ նշեց, որ Լիբանանի նկատմամբ զօրակցական այս պատգամը արդիւնք է երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու լիբանանեան իշխանութիւններուն ի գործ դրած հսկայական ջանքերուն:

Սապահ յայտնեց, որ իրենք Պըրրիի կատարած առաջարկները օգտակար նկատած են եւ այս իմաստով ալ տեղեկագիր մը պիտի յղեն Արաբական լիկայի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն, որպէսզի զայն ներկայացնեն Արաբական լիկայի յաջորդ վեհաժողովին ընթացքին:

Սապահ հաստատեց, որ արաբական բոլոր երկիրները կազմ ու պատրաստ են` օժանդակելու Լիբանանին եւ երկրին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդող ջանքերուն:

Վարչապետ Սալամի Մօտ

Արաբական պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ:

Հանդիպումէն ետք Սապահ յայտնեց, որ Արաբական լիկայի գումարած վերջին վեհաժողովին շրջագիծին մէջ իրենք Լիբանանին եւ անոր կառավարութեան զօրակցութիւն յայտնած են:

Ան շեշտեց, որ նման որոշումներ կարիքը ունին հետեւողականութեան եւ յանձնառութեան, յատկապէս Լիբանանի ապահովութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելու, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի դիմադրութեան առումով անոր զօրակցելու իմաստով:

Սապահ յայտնեց նաեւ, որ Արաբական լիկան նեցուկ կը կանգնի նաեւ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն, ինչպէս նաեւ կը զօրակցի լիբանանեան հողերուն վրայ գտնուող սուրիացի գաղթականներուն բեռը թեթեւցնելու հոլովոյթին:

Սապահ նշեց, որ իրենք քննարկած են այն միջոցները, որոնց ընդմէջէն կարելի է օժանդակել Լիբանանին` նկատի ունենալով, որ անոր առած բոլոր քայլերուն նկատմամբ Արաբական լիկային կողմէ զօրակցութիւն արձանագրուած է:

Սապահ յայտնեց, որ իրենք ցաւակցութիւն յայտնած են Ժապալ Մըհսենի մէջ տեղի ունեցած պայթումներուն պատճառով արձանագրուած զոհերուն համար եւ խստիւ դատապարտած լիբանանեան տարբեր շրջանները թիրախ դարձնող պայթումները:

«Կը մաղթենք, որ Լիբանանի հանրապետութեան յաջորդ նախագահը ներկայ ըլլայ 28 մարտ 2015-ին Գահիրէի մէջ տեղի ունենալիք Արաբական լիկայի վեհաժողովին», ըսաւ Սապահ:

Պասիլի Մօտ

Արաբական պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Պուսթրոս պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ:

Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ յայտնեց, որ արաբական զգացումներն են, որոնք Լիբանանը արաբական ջերմութեամբ կրցած են պահել: Ան նշեց, որ հանդիպումին քննարկուած են ահաբեկչութեան վերաբերող հարցեր` աւելցնելով, որ լիբանանցիները կառչած կը մնան իրենց քաղաքակրթութեան եւ ինքնութեան իսկութեան:

Ան հաստատեց, որ Լիբանան արաբական ոչ մէկ երկրի ներքին հարցերուն միջամուխ կ՛ըլլայ: Պասիլ ըսաւ նաեւ, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն դրութեան միակ լուծումը քաղաքական լուծումն է` յոյս յայտնելով, որ ՄԱԿ-ի նախաձեռնութիւնները յաջողին եւ կարելի ըլլայ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը ապահովել` նկատի ունենալով, որ այդ լուծումէն առաջին օգտուողը պիտի ըլլայ Լիբանանը:

Պասիլ հաստատեց, որ Լիբանանի դերակատարութիւնն է քաջալերել արաբական երկիրներուն միջեւ երկխօսութիւնն ու փոխըմբռնումը` շեշտելով, որ միջարաբական տարակարծութիւններէն միակ օգտուողը Իսրայէլն է:

 

Նախորդը

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Աղբերու Թղթածրարին Լուծումը

Յաջորդը

Ռումիէի Իսլամական Բանտարկեալները Ուղղակիօրէն Հսկած Են Ժապալ Մըհսենի Դէմ Գործուած Ահաբեկչութեան

RelatedPosts

Պարպրա Լիֆ Լիբանանցի Քաղաքական  Անձնաւորութիւններու Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Պարպրա Լիֆ Լիբանանցի Քաղաքական Անձնաւորութիւններու Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները

Մարտ 25, 2023
Սլիմ – Զօր. Աուն Հանդիպում
Լիբանանեան

Սլիմ – Զօր. Աուն Հանդիպում

Մարտ 25, 2023
Միքաթի Շարունակեց Քննարկել  Լիբանանեան Համալսարանի Թղթածրարը
Լիբանանեան

Միքաթի Շարունակեց Քննարկել Լիբանանեան Համալսարանի Թղթածրարը

Մարտ 25, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In