Հետզհետէ իր ախորժակները աւելի եւս սրած ահաբեկչութիւնը դարձեալ թիրախ դարձուց Լիբանանը` խլելով զոհեր եւ պատճառելով վիրաւորներ:
Շաբաթ երեկոյեան Ժապալ Մըհսենի մէջ գտնուող «Օմրան» սրճարանը թիրախ դարձաւ անձնասպանական երկու գործողութիւններու, որոնք պատահեցան քանի մը երկվայրկեանի յաջորդականութեամբ:
Զոյգ պայթումները պատճառեցին 11 զոհ եւ վիրաւորեցին 40 ուրիշներ:
Լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը անմիջապէս փութացին դէպքին վայրը եւ շրջափակեցին զայն:
Ժապալ Մըհսեն հասան նաեւ քրէական փաստահաւաքները, որոնք կատարեցին իրենց աշխատանքը` ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտի ցուցմունքներուն համաձայն:
Բանակի հրամանատարութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը համաձայն, նշուեցաւ, որ պայթումներուն շուրջ բացուած հետաքննութեան նախնական արդիւնքներուն համաձայն, Ժապալ Մըհսենի մէջ գործուած անձնասպանական գործողութիւններուն հեղինակներն են Թահա Սամիր Խայյալ եւ Պիլալ Մոհամետ Իպրահիմ, որոնք իրենց վրայ կը կրէին 4 քիլոկրամ «Թի. Էն. Թի.» պայթուցիկ նիւթ պարունակող գօտիներ:
Նկատի ունենալով, որ անձնասպանական գործողութեանց հեղինակները Թրիփոլիի Մանքուպին շրջանի բնակիչներ էին, բանակը շրջափակեց այդ շրջանը, ուր Թահա Քայյալի հայրը ինքզինք յանձնեց ապահովութեան ուժերուն:
Ահաբեկչական այս գործողութիւններէն քանի մը ժամ ետք Ժապհաթ Նուսրա ստանձնեց պատասխանատուութիւնը այդ գործողութիւններուն, որոնք գործուած էին Ազգային ժողովրդավարական կուսակցութեան սրճարաններէն մէկուն մէջ:
Հիւսիսային Լիբանանի նահանգապետ Ռամզի Նոհրա` հիմնուելով ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի ցուցմունքներուն վրայ, կրակմարի դրութիւն հաստատեց Ժապալ Մըհսենի եւ անոր շրջակայ շրջաններուն մէջ, մինչեւ երէկ առաւօտեան ժամը 7:00:
Մինչ Ժապալ Մըհսեն երէկ հողին կը յանձնէր իր զոհերը, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք Թրիփոլիի սերային մէջ գլխաւորեց ապահովական նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան նախանցեալ օրուան ապահովական միջադէպին վերաբերող հարցեր:
Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Մաշնուք շեշտեց, որ մտահոգութիւնները փարատող իրականութիւնը այն է, թէ Թրիփոլիի եւ Ժապալ Մըհսենի մէջ կայ ազգային միասնականութիւն եւ ամբողջ Թրիփոլին միասնական է ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու առումով:
Ան շեշտեց, որ ապահովութեան ուժերուն` գլխաւորաբար բանակին միջեւ գործակցութիւնը առկայ է` աւելցնելով, որ յաջորդ հանգրուանը պիտի ըլլայ դժուար:
Մաշնուք յայտնեց, որ ամբողջ Լիբանանը
կը պայքարի հաւատադրժողական շարժումներուն եւ ծայրայեղութեան դէմ, իսկ Թրիփոլիի բնակչութեան օժանդակութեամբ լիբանանեան պետութիւնը իր ապահովական կառոյցներով պիտի կարենայ դիմադրել ահաբեկչութեան եւ զգետնել զայն:
Ապա ան այցելեց դէպքին վայրը, ուր հաստատեց, որ «Հարիրի» հաստատութիւնը պիտի ստանձնէ Ժապալ Մըհսենի մէջ գործուած աւերը վերանորոգելու աշխատանքները, ինչպէս նաեւ պիտի կատարէ վնասուց հատուցումները:
Նշենք, որ երէկ երեկոյեան վարչապետ Թամմամ Սալամ իր կարգին Մուսայթպէի իր բնակարանին մէջ նախագահեց ապահովական նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան նախարար Մաշնուք, դատախազ Համմուտ, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, պետական անվտանգութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժորժ Քարաա, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս, Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր, բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Էտմոն Ֆատել եւ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախագահ գնդապետ-զօրավար Իմատ Օսման:
Նիստէն ետք վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ Թրիփոլիի պատահարը կը ստիպէ, որ լիբանանցիները զգաստութեան եւ պատրաստ վիճակի մակարդակը բարձր պահեն:
Դատապարտումի Ալիք
Վարչապետ Սալամ նշեց, որ ահաբեկչութեան ձեռքը անգամ մը եւս երկարած է` թիրախ դարձնելով Թրիփոլին եւ խախտելով անոր ապահովական կայունութիւնը:
Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ այդ ոճիրին նպատակն է սադրանքներ հրահրել:
«Այս դէպքը խստիւ կը դատապարտենք` զայն նկատելով լիբանանեան պետութեան դէմ ուղղուած մարտահրաւէր մը, ինչպէս նաեւ կը հաստատենք, որ այդ ահաբեկչութիւնը պիտի չսարսափեցնէ լիբանանցիները, ի մասնաւորի Թրիփոլիի բնակիչները», ըսաւ ան` կոչ ուղղելով բոլորին ինքնազսպումի ենթարկուելու եւ զօրակցելու ապահովութեան ուժերուն:
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան խստիւ դատապարտեց Ժապալ Մըհսենի դէմ գործուած պայթումը` շեշտելով, որ անիկա սադրանքներու նախապատրաստութեան ոճիր մըն է, որուն հիմնական թիրախը լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն է:
Միւֆթի Տըրիան զգուշացուց ներքին խլրտումներէն` շեշտելով ահաբեկչութեան դէմ միասնականութեամբ պայքարելու կարեւորութիւնը:
Միւֆթի Տըրիան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ալեւի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Ասատ Ասիի հետ եւ ցաւակցութիւն ու զօրակցութիւն յայտնեց անոր:
Հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար շեշտեց, որ Ժապալ Մըհսենի մէջ գործադրուած ահաբեկչութիւնը դիտմամբ եղած է եւ անոր նպատակն է Թրիփոլին ու անոր քաղաքացիական անվտանգութիւնը խաւարի մատնել:
Յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը իր կարգին դատապարտեց պայթումները` կոչ ուղղելով լիբանանցիներուն ամրապնդելու իրենց ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը:
Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման խստիւ դատապարտեց Ժապալ Մըհսենի դէմ գործուած ոճիրը` զայն նկատելով խաղաղութեան եւ կայունութեան տրամաբանութիւնը թիրախ դարձնող գործողութիւն:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի շեշտեց, որ Ժապալ Մըհսենի մէջ գործուած պայթումին նպատակն է սադրանքներ նախապատրաստել եւ հիւսիսային Լիբանանի մայրաքաղաքին ապահովութիւնը խախտել:
Ան կոչ ուղղեց զօրակցելու ապահովութեան ուժերուն:
Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա դատապարտեց Ժապալ Մըհսենի դէմ գործուած ահաբեկչական արարքը` շեշտելով, որ ահաբեկչութիւնը համաճարակ մըն է, որուն դէմ պէտք է պայքարիլ, այլապէս անիկա կրնայ վտանգի ենթարկել բոլորը:
Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շեշտեց, որ Ժապալ Մըհսենի պայթումը Թրիփոլիի մէջ նոր սադրանքներ հրահրելու եւ զինեալ բախումներու նոր հանգրուան մը սկսելու փորձ մը կը նկատուի:
Հըզպալլա հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դատապարտեց պայթումը` շեշտելով, որ շրջանին սպառնացող վտանգներուն աղբիւրը մէկ է` հաւատադրժողական միտքը:
Ամալ շարժումը դատապարտեց Ժապալ Մըհսենի մէջ գործուած անձնասպանական գործողութիւնները` ընդգծելով, որ լիբանանեան տարբեր շրջաններ եւ համայնքներ թիրախ դարձնող ոճրագործութիւնը պիտի չկարենայ ազգային միասնականութեան լիբանանցիներուն կամքը խզել:
Մուսթաքպալ հոսանքը խստիւ դատապարտեց Ժապալ Մըհսենի պայթումները` շեշտելով, որ այսօրուան ոճիրէն ետք ստեղծուելիք զօրակցութեան մթնոլորտը պիտի ըլլայ Թրիփոլիի փրկութեան լաստը, որ իրեն հետ պիտի բերէ նաեւ հաշտութիւն եւ համերաշխութիւն:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ահաբեկչութեան վտանգը առկայ է, սակայն լիբանանեան բանակը կարողութիւն ունի դիմադրելու անոր վտանգներուն:
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ դատապարտեց պայթումը` հաստատելով, որ այդ արարքը հակազդեցութիւնն է Լիբանանի մէջ արձանագրուող քաղաքական զգաստութեան: Ան շեշտեց, որ լիբանանցիները այս հանգրուանը պիտի կարենան դիմագրաւել յաւելեալ միասնականութեամբ:
Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան շեշտեց, որ Ժապալ Մըհսենը թիրախ դարձնող ահաբեկչական արարքին իբրեւ հակազդեցութիւն պէտք է առանց նախապայմանի զօրակցիլ լիբանանեան բանակին:
Ան ողջունեց Ժապալ Մըհսենի զոհերուն ընտանիքներուն կեցուածքը, որ կանխարգիլեց սադրանքներու հրահրումը` ամրապնդելով ազգային միասնականութիւնը:
Արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի շեշտեց, որ ինք կառավարութենէն արտօնութիւն պիտի խնդրէ` Ժապալ Մըհսենի ոճիրը Արդարութեան խորհուրդին փոխանցելու:
Ռիֆի դատապարտեց Թրիփոլին թիրախ դարձուցած ահաբեկչութիւնը, որ խիստ մերժելի է:
Նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէ կոչ ուղղեց Թրիփոլիի բնակչութեան` իբրեւ մէկ ընտանիք դիմադրելու լիբանանցիներուն սպառնացող հսկայ վտանգին:
Երեսփոխան Ալի Օսէյրան խստիւ դատապարտեց Ժապալ Մըհսենի պայթումը` ընդգծելով, որ անմեղ քաղաքացիներու սպանութիւնը մեծ մեղք է:
Խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ Ժապալ Մըհսենը թիրախ դարձնելու նպատակը Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը հարուածել է:
Ան ցաւ յայտնեց արձանագրուած զոհերուն համար` շեշտելով, որ ահաբեկչութիւնը երբեք չի կրնար յաղթական դուրս գալ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց Ժապալ Մըհսենը թիրախ դարձուցած պայթումը` ընդգծելով, որ ինք պիտի շարունակէ օժանդակել լիբանանեան ապահովական ուժերուն: