Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ Ցրտաշունչ Եղանակը Կը Շարունակուի

January 10, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

010915tsun_denniyeԼիբանանը հարուածած «Զէյնա» փոթորիկին պատճառով երրորդ օրն ըլլալով երկրին մէջ կը տիրէ սաստիկ ցուրտ, լեռնային գրեթէ բոլոր ճամբաները կը մնան փակ, իսկ այլ ճամբաներ, որոնք կարեւոր են առօրեայ երթեւեկին համար, մերթ կը բացուին եւ մերթ կը փակուին տեղացած առատ ձիւնին պատճառով:

Սպիտակը ծածկած է լիբանանեան բոլոր շրջանները, ներառեալ ծովեզերեայ շրջանները, իսկ երեխաները կը մնան իրենց բնակարաններուն մէջ` յարգելով կրթութեան նախարարին որոշումը:

Այս շրջագիծին մէջ պէտք է նշել, որ կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապ երէկ հետապնդեց իր որոշումին չենթարկուող դպրոցները, որոնք սովորական իրենց դասերուն սկսած էին, եւ փակել տուաւ անոնց դռները: Ան աւելցուց նաեւ, որ այն դպրոցները, որոնք այսօր կը բանան իրենց դռները, պատասխանատուութեան պիտի կանչուին:

010915tsun_merjayoun«Զէյնա» փակեց Արքուպի բոլորը ճամբաները, մինչ Քֆարշուպայի եւ անկէ անդին գտնուող շրջաններուն` Շեպաայի եւ Հալթայի ճամբաները մնացին փակ:

Արեւմտեան Պեքաայի Այն Աթա գիւղաքաղաքին ճամբաները նաեւ մնացին փակ եւ առատ ձիւնին պատճառով քաղաքապետարանն ու հանրօգուտ շինութեանց նախարարութեան անձնակազմը չկրցան բանալ ճամբաները:

Կը նախատեսուի, որ շաբաթավերջը ըլլայ անձրեւոտ լիբանանեան գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ:

Սայտայի, Տըննիէի եւ Աքքարի մէջ նոյնպէս ջերմաստիճանը հասաւ զերոյի, իսկ Զահրանիի մէջ պտղատու ծառերը վնասուեցան` ձիւնին պատճառով:

Ժեզզինի եւ Իքլիմ Թուֆֆահի մէջ կացութիւնը եղաւ նոյնը` սառոյց ամէնուրեք, իսկ երեխաներուն մօտ ձիւնեմարդ եւ ձիւնագնդի` արեւոտ պահերուն:

Պեքաայի, Պաալպեքի եւ Հերմելի բոլոր ճամբաները մնացին փակ. Տահր Պայտարը նոյնպէս ստացաւ առատ ձիւնի իր արդար բաժինը, որ պատճառ դարձաւ երթեւեկին կասեցման:

Մերժահիունի մէջ, ծովուն մակերեսէն 500 մեթր բարձրութեան վրայ ձիւնեց:

Նշենք նաեւ, որ Տըննիէի, Ժեզզինի, Նապաթիէի, Պաալպեքի եւ այլ շրջաններու մէջ քաղաքացիները իրենց ինքնաշարժներուն մէջ «բանտարկուեցան» սառոյցին պատճառով: Քաղաքացիական ապահովութեան ուժերը կազմ ու պատրաստ վիճակով հասան անոնց օժանդակութեան:

 

 

Նախորդը

Պըրրի Ընդունեց Գերմանիոյ Դեսպանը

Յաջորդը

Վարչապետ Սալամ. «Իբրեւ Լիբանանցիներ Բաց Երկխօսութենէն Բացի Միջոց Չունինք»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.