Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժապալ Մըհսեն Կը Շարունակէ Ողբալ Իր Նահատակները

Յունուար 13, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

011215jabal_mohsenԺապալ Մըհսենի մէջ սուգի մթնոլորտը մնաց տիրական եւ շրջանը շարունակեց ողբալ իր նահատակները, որոնց ընտանիքները Ալեւի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Ասատ Ասիի կողքին շարունակեցին ցաւակցութիւններ ընդունիլ` մաղթելով, որ լիբանանեան բանակը կը մնայ իրենց շրջաններուն մէջ` հսկելու ապահովական կայունութեան:

Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ապտել Լաթիֆ Սալեհ յայտնեց, որ Ժապալ Մըհսեն շրջանցած է սադրանքներու հրահրումին հանգրուանը եւ արդէն իսկ կը պատրաստուի ամոքելու իր ցաւերը:

Սալեհ նշեց, որ Թրիփոլի փաստեց ահաբեկչութենէն եւ սադրանքներէն աւելի հզօր ըլլալու իրականութիւնը` ընդգծելով, որ Ժապալ Մըհսենի բոլոր տուներուն դռները բաց են Մանքուպինի եւ Թրիփոլիի բնակիչներուն դիմաց, իսկ ցաւակցութիւնը պէտք է յայտնուի ամբողջ Թրիփոլիին:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ողջունեց Ժապալ Մըհսենի բնակիչները, ինչպէս նաեւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին եւ Թրիփոլիի հեղինակութիւնները, որոնք ազգային խոր գիտակցութեան կեցուածքով ներկայացան ահաբեկչութեան դէմ: «Մենք կրնանք ըսել, որ ինը նահատակ շահած ենք, իսկ ահաբեկիչները ունեցած են երկու զոհեր», ըսաւ Պըրրի:

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել իր կարգին դատապարտեց Ժապալ Մըհսենը թիրախ դարձուցած պայթումները, որոնց նպատակն էր խախտել Լիբանանի եւ յատկապէս հիւսիսի ապահովական կայունութիւնը:

Մուքպել շեշտեց, որ նման արարքներ պիտի չկասեցնեն յանցագործները հետապնդելու եւ զանոնք ձերբակալելու բանակին կամքն ու առաքելութիւնը. ան ցաւակցութիւն յայտնեց նահատակներուն ընտանիքներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում` վիրաւորներուն:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը դատապարտեց Ժապալ Մըհսենի դէմ գործուած ահաբեկչութիւնը` ընդգծելով անոր պատասխանատուները հետապնդելու կարեւորութիւնը:

Ապահովութեան խորհուրդը կոչ ուղղեց բոլոր լիբանանցիներուն պահպանելու լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը` երկրին ապահովութիւնը խախտելու փորձերուն դիմաց:

Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթ շեշտեց, որ Ժապալ Մըհսենի մէջ պատահածը ապակայունութեան պիտի չենթարկէ հիւսիսային Լիբանանը` նկատի ունենալով երկրին ազգային միասնականութիւնն ու լիբանանեան քաղաքացիական ընկերութեան ուժը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Ժապալ Մըհսենը թիրախ դարձուցած ահաբեկչական արարքը` շեշտելով, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ օժանդակել Լիբանանին, որպէսզի ան պահպանէ իր ապահովութիւնը, կայունութիւնը եւ շարունակէ բարգաւաճիլ:

Նախորդը

Զօր. Աուն Ընդունեց Խազենը

Յաջորդը

Աունի Քաաքիի Գլխաւորած Անուանացանկը Յաղթանակ Կ՛արձանագրէ Մամլոյ Սենտիքայի Ընտրութիւններուն

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը  Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»

Մայիս 10, 2025
Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան  Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը  Պիտի Չարտօնենք»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը Պիտի Չարտօնենք»

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?