Նախարարներ Ապու Սաապ Եւ Պասիլ Կը Ցաւակցին Ֆրանսայի
Սաապ եւ Փաուլի Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլիի, որուն ցաւակցութիւն յայտնեց «Շարլի Էպտօ» երգիծաթերթին խմբագրական կազմին դէմ գործուած ահաբեկչութեան զոհերուն համար: Ապու Սաապ խստիւ դատապարտեց գործուած անարգ ոճիրը` շեշտելով, որ անկարելի է այդ ոճիրը որեւէ ձեւով արդարացնել: Ապու Սաապ շեշտեց, որ այս դժուար պայմաններուն լոյսին տակ լիբանանցիները կը զօրակցին...

















