Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքապետարաններուն Տրամադրուելիք Յատկացումներու Թղթածրարին Քննարկումը Յետաձգուեցաւ Կառավարութեան Յաջորդ Նիստին

Յունուար 16, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կառավարութեան նիստէն պահ մը
Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամ վերահաստատած է նախագահական ընտրութեան կարեւորութիւնը` նպաստելու համար պետական հաստատութիւններու աշխատանքին եւ պետութեան աշխուժացման հոլովոյթին:

Ժրէյժ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամ բարձր գնահատեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի եւ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին իրագործած նուաճումը` լիբանանցի երիտասարդ Իվ Նաուֆալը սպաննող յանցագործները ձերբակալելու իմաստով:

Ժրէյժ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր եւ ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան ընդգծած են հիւսիսային Պեքաայի մէջ ապահովական ծրագիրը գործադրելու անհրաժեշտութիւնը:

Տեղեկատուութեան նախարարը հաստատեց, որ հեռաձայնային մարզի եկամուտէն քաղաքապետարաններուն յատկացումներու թղթածրարին քննարկումը յետաձգուեցաւ կառավարութեան յաջորդ նիստին:

Նշենք, որ նախքան կառավարութեան նիստին գումարումը, վարչապետ Սալամ հանդիպում մը ունեցաւ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ:

Ապու Ֆաուր իր կարգին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքներուն հետ, որոնք հաղորդակցութեան լոյսին տակ յայտնեցին, թէ իրենց որդեգրելիք մագլցողական քայլերը ցնոր տնօրինում ջնջած են:

Առեւանգուած բանակայիններուն հարազատները շեշտեցին նաեւ, որ Ժապհաթ Նուսրայի եւ  ՏԱՀԵՇ-ի հետ բանակցութիւններու հիման վրայ իրենց զաւակները սպաննելու սպառնալիքները վերջ գտած են:

Նախորդը

Լիբանանեան Բանակը Արսալի Մէջ Վնասազերծեց Ականուած Ինքնաշարժ Մը

Յաջորդը

«Չէինք Փափաքեր 1915-ի Դէպքերուն Պատճառով Միացեալ Նահանգներու Հետ Յարաբերութիւնները Փճացնել» Ըսաւ Չաւուշօղլու

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Իր Ժողովի  Օրակարգին Վրայ Գտնուող Կէտերուն Մեծամասնութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Իր Ժողովի Օրակարգին Վրայ Գտնուող Կէտերուն Մեծամասնութիւնը

Նոյեմբեր 21, 2025
Պըրրի. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` Իրենց Ժամկէտին»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Պէտք Է Շարունակել Հայրենիքի Անկախութեան, Զայն Ստրկութենէ Ու Ենթակայութենէ Պաշտպանելու Ճակատամարտը»

Նոյեմբեր 21, 2025
Սալամ. «Կը Վերահաստատենք Իսրայէլի Հետ  Բանակցելու Մեր Պատրաստակամութիւնը»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կը Վերահաստատենք Իսրայէլի Հետ Բանակցելու Մեր Պատրաստակամութիւնը»

Նոյեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?