ՆԱԽԿԻՆ նախարար Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա շեշտեց, որ շրջանին մէջ ծայրայեղականներն ու ծայրայեղականութիւնը տապալելու միակ միջոցը չափաւորականութիւնն է:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ Լիբանանի ապահովական կացութիւնը կրնայ ուղղուիլ դէպի յաւելեալ կայունութիւն:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս երէկ իր բնակարանին մէջ ընդունեց նախկին երեսփոխան Մըսպահ Ահտապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու քաղաքական նոր նախաձեռնութիւն մը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Թեհրան կ՛արգելակէ իր ընտրութիւնը: Ան շեշտեց, որ Թեհրան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որ ինք Պաապտա չհասնի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Զիատ Քատիրի շեշտեց, որ Հըզպալլա Պեքաայի մէջ զէնք կը բաժնէ Սարայա Մուքաուամա անուանումին ներքեւ. ան այդ արարքը նկատեց ապօրինութիւն:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Պքերքէի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը համոզուած է, թէ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան իսկական խոչընդոտը սիւննի-շիի տարակարծութիւնն է:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Պեքաայի մէջ ապահովական ծրագիրին գործադրութիւնը Հըզպալլայի կողմէ Մուսթաքպալ հոսանքին ներկայացուած նուազագոյն քայլն է:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, շրջանառութեան մէջ դրուած են այնպիսի տեղեկութիւններ, որոնք կ՛ակնարկեն հիւսիսային Լիբանանի մէջ գտնուող լիբանանեան բանակին կեդրոնները պայթումի թիրախ դարձնելու հաւանականութեան:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա Քուսայայի, Տէյր Ղազալի եւ Այն Պայտայի մէջ ստանձնած է Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատին կեդրոնները:
ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ ահաբեկչութեան ոչ մէկ հովանաւորութիւն գոյութիւն ունի` աւելցնելով, որ միջլիբանանեան երկփեղկումը վերջ գտած է եւ զայն փոխարինած է լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը:
ՊԱԱՍ կուսակցութեան քարտուղար Ֆայեզ Շքըր յայտնեց, որ Ռումիէի բանտին մէջ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի առած քայլը լիբանանցիներուն մօտ հանգստութիւն յառաջացուցած է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ապտել Մեժիտ Սալեհ յայտնեց, որ ապահովական կառոյցները ամբողջ Լիբանանի տարածքին ապահովական ծրագիրը գործադրելու պարտաւորութեան տակ կը գտնուին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խտըր Հապիպ յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութիւնը սկսած է իր արդիւնքները տալ` մաղթելով, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը իր կարգին կը յանգի լուծումի մը:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ներկայիս ամէնէն կարեւորը ներքին լիբանանեան երկխօսութեան պահպանումն է:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ Ռումիէի բանտին մէջ գործադրուած ապահովական ծրագիրը արդիւնք էր Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութեան, նեղացուցած է Մուսթաքպալ հոսանքը:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի կարեւոր նկատեց, որ Լիբանան ոչ մէկ օտար երկրի ներքին հարցերուն միջամուխ դառնայ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ փոխըմբռնումի համաձայնագիր մը պիտի ստորագրուի:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան ընդգծեց, որ Լիբանանի ներքին գործոց նախարարութիւնը անմիջապէս նկատի ունեցած է ահաբեկչութեան դէմ դնելու միջազգային զգուշացումը եւ քայլեր առած այդ ուղղութեամբ:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Սուրիոյ պատերազմին Հըզպալլայի մասնակցութիւնը անոր պատերազմական փորձառութիւնը բազմապատկած է:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ պաղեստինեան ազգային անվտանգութեան պատասխանատու Մունիր Մաքտահ շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն` կանխարգիլելու համար Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ արձանագրուելիք բախումը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար ընդգծեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորելու համար միայն լիբանանեան պետութիւնը պէտք է կատարէ իր դերակատարութիւնը:
ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ուժերը երէկ Սայտայի սերային մօտ որդեգրեցին ապահովական արտակարգ միջոցառումներ` նկատի ունենալով Սայտայի դէմ ուղղուած սպառնալիքները: