Պէյրութի օդերեւութաբանական գրասենեակին համաձայն, այսօր կլիման պիտի շարունակէ մնալ անձրեւոտ, յատկապէս հարաւային Լիբանանի մէջ:
Նոյն աղբիւրները շեշտեցին, որ ջերմաստիճանը պիտի մնայ կայուն, իսկ ձիւն պիտի տեղայ ծովուն մակերեսէն 1300 մեթր բարձրութեան վրայ:
Կը նախատեսուի, որ լեռնային շրջաններուն ճամբաները սառցակալին:
Միւս կողմէ, երէկ Թարշիշ-Զահլէ ճամբան մնաց փակ` տեղացած առատ ձիւնին պատճառով:
Շեպաա-Հասպայա շրջան կրցան մուտք գործել միայն այն ինքնաշարժները, որոնք իրենց անիւներուն շղթաներ զետեղած էին:
Պեքաայի բոլոր շրջաններուն մէջ ձիւնը անդադար տեղաց` աւելի եւս սպիտակ դարձնելով դաշտերն ու գիւղերը:
Եանթա-Պեքաա ճամբան ամբողջովին փակուեցաւ:
Տահր Պայտարի ճամբան որոշ ժամանակի համար փակ մնաց, ապա անկէ կրցան անցնիլ միայն այն ինքնաշարժները, որոնց անիւները շղթաներ կը կրէին:
Հատաս Ժըպպէ-Թաննուրին-Լաքլուք ճամբան իր կարգին մնաց փակ:
Քըպէյյաթ-Հերմել ճամբան եւս փակուած է` ձիւնին պատճառով: