Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ղաթթաս Խուրի Իբրեւ Վկայ Ներկայացաւ Միջազգային Դատական Ատեան

January 16, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ղաթթաս Խուրի
Ղաթթաս Խուրի

Նախկին երեսփոխան Ղաթթաս Խուրի երէկ իբրեւ վկայ ներկայացաւ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեան, ուր հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ ամէնուր քաղաքականութիւն է, նոյնիսկ բժիշկներու սենտիքային կամ օդին մէջ: Ան նշեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի իրեն առաջարկած է երեսփոխանական ընտրութիւններուն թեկնածութիւն առաջադրել` աւելցնելով, որ 2000-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն Պէյրութի մէջ Հարիրիի գլխաւորած բոլոր ցանկերը յաջողութիւն արձանագրեցին:

Խուրի շեշտեց, որ Հարիրիի պլոքին եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ ամէնօրեայ դրութեամբ խորհրդակցութիւն գոյութիւն ունէր` աւելցնելով, որ ինք իբրեւ Ժոմպլաթի մտերիմ այդ խորհրդակցութիւններուն մէջ դերակատարութիւն ունէր:

Խուրի շեշտեց, որ մարոնի համայնքի Սֆէյր պատրիարքը մնայուն կերպով կը մերժէր Լիբանանի մէջ կատարուած միջամտութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին սահմանադրութեան խախտումը, ինչպէս` հանրապետութեան նախագահի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը:

Խուրի նաեւ ընդգծեց, որ Հարիրի իր կարգին կը մերժէր օրին հանրապետութեան նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը` աւելցնելով, որ ան իր կարծիքը փոխեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ իր ունեցած փոթորկոտ հանդիպումէն ետք:

Այդ հանդիպումին Ասատ սպառնացած էր, որ Լիբանանը պիտի քանդուի, եթէ Հարիրի Լահուտի պաշտօնավարութեան երկարաձգման չզօրակցի: «Հետեւաբար Հարիրի սուրիացիներու սպառնալիքներուն նկատմամբ լուրջ մօտեցում ցուցաբերեց եւ զիջեցաւ իր տեսակէտէն», ըսաւ Խուրի:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ապու Սաապ Յայտարարեց Պետական Քննութեան Թուականները

RelatedPosts

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ  Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»
Լիբանանեան

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»

November 21, 2026
Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելու»

November 21, 2026
Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց  Արտաքին Ցուցմունքներուն»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց Արտաքին Ցուցմունքներուն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.