ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտնեց, որ Լիբանան ենթակայ է դաւադրութիւններու եւ մարտահրաւէրներու` կոչ ուղղելով ամրապնդելու լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը` դիմագրաւելու համար այդ բոլոր վտանգներն ու սպառնալիքները:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրին:
ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներու համաձայն, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ հանդիպելու ժամադրութիւն խնդրած է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը ուղղուեցաւ Թուրքիա` մասնակցելու համար Իսլամական երկիրներու խորհրդարաններու համախմբումին գումարելիք Ժ. խորհրդաժողովին:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ ինք լաւատես չէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ունենալիք երկխօսութեան առումով: Ան աւելցուց, որ ինք զօր. Միշել Աունէն բացի այլ անձնաւորութիւն մը իբրեւ հանրապետութեան նախագահ չի պատկերացներ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ղազի Եուսեֆ շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ կատարուած բոլոր հանդիպումները քաջալերելի են եւ անոնք կրնան լաւ ու դրական ըլլալ:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ կառավարութիւնը պէտք է ճշդէ իր կեցուածքը` Պահրէյնի մասին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կատարած յայտարարութիւններէն:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Անթուան Սաատ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական առումով գոյացած համախոհութիւնը կը դիւրացնէ երկրին հարցերուն լուծումը, յատկապէս ապահովական կայունութեան վերահաստատումը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ երկխօսութեան հիմնական նպատակը պէտք է ըլլայ Լիբանանի շահերուն ապահովումը եւ կարելի եղածին չափ անոր չէզոքացումը` սուրիական տագնապէն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Զիատ Քատիրի յայտնեց, որ տակաւին շատ կանուխ է խօսելու Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար Սաատ Հարիրիի միջեւ հաւանական հանդիպումի մը մասին:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր յայտնեց, որ պէտք է միջազգային ուժերուն հետ լուրջ աշխատանք տանիլ` սուրիացի գաղթականներուն անհրաժեշտ օժանդակութիւնները ապահովելու համար:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Ռումիէի բանտին մէջ ապահովական ծրագիրին գործադրութիւնը փարատած է լիբանանցիներուն մտահոգութիւնը` նկատի ունենալով, որ անիկա վերականգնած է բանտին մէջ լիբանանեան պետութեան հեղինակութիւնը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Անուար Խալիլ կոչ ուղղեց լիբանանեան ներքին կեանքը երկխօսութեամբ ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ աշխուժացնելու պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը: