Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Շրջանային Ուժեր Եւ Ուաշինկթըն Համոզուած Են, Որ Թուրքիա Նեցուկ Կը Կանգնի ՏԱՀԵՇ-ին» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

January 16, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սէյիտ Հասան Նասրալլա
Սէյիտ Հասան Նասրալլա

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը իսրայէլեան որեւէ բռնարարքի պարագային պիտի պատասխանէ ոչ միայն Գալիլիա մուտք գործելով, այլեւ` Գալիլիայէն ալ անդին երթալով:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Սուրիոյ դէմ որեւէ յարձակում Դիմադրութեան դէմ յարձակում կը նկատուի եւ կարելի չէ անպատասխան ձգել զայն: Այս շրջագիծին մէջ, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը ունի ամէն տեսակի զէնք` թշնամիին նախատեսածը եւ չնախատեսածը:

Ան  յայտնեց, որ Դիմադրութեան կարողութիւնները ոչ մէկ վնաս կրած են` շեշտելով, որ եթէ Իսրայէլ կը վստահի նման տուեալի մը, ապա ան չարաչար կը սխալի:

«Իսրայէլ կը փափաքի, որ Դիմադրութեան հետ իր յաջորդ ճակատումը ըլլայ հատու եւ արագ, սակայն ատիկա անկարելի է», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:

Ան դիտել տուաւ, որ ներկայիս Դիմադրութեան կարողութիւնները շատ աւելի լաւ են, քան ինչ որ էին անցեալին: «Դիմադրութիւնը կազմ ու պատրաստ է հարաւային Լիբանանի մէջ բռնկելիք նոր ճակատամարտի մը մասնակցելու», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ կայ շրջանային պետութիւն մը, որ ուղղակիօրէն մեղսակցած է ՏԱՀԵՇ-ի հետ` Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, եւ անիկա ներկայիս տագնապի մը մէջ կը գտնուի` իր կեցուածքներուն պատճառով:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ շրջանային երկիրներն ու պետութիւնները, ինչպէս նաեւ միջազգային ուժերը, որոնց շարքին` Ուաշինկթըն համոզուած են, որ Թուրքիա նեցուկ կը կանգնի ՏԱՀԵՇ-ին:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը նշեց, որ Համասի հետ Դիմադրութեան յարաբերութիւնները հեզասահ են եւ դրական:

Սէյիտ Նասրալլա նաեւ յայտնեց, որ ինք Հայսամ Մաննահի կողքին հանդիպումներ ունեցած է նաեւ շարք մը սուրիացի ընդդիմադիրներու հետ` սուրիական տագնապին քաղաքական լուծում մը ապահովելու ջանքերուն ծիրին մէջ:

Նախորդը

Զօր. Քահուաժի. «Բանակին Տրամադրուած Սէուտական Զոյգ Օժանդակութիւնները Ճիշդ Հունի Մէջ Են»

Յաջորդը

Մաշնուք Այցելեց Ռայի Պատրիարքին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.