ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամ շաբաթավերջին վարչապետարանին մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը, ինչպէս նաեւ մարոնի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազենը: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենք կը մաղթեն, որ Լիբանանի մէջ անմիջապէս նախագահական ընտրութիւն կատարուի` աւելցնելով, որ պահանջուածը այն է, որ երկրին պատերազմի կամ խաղաղութեան իրավիճակի մէջ ըլլալու որոշումը ըլլայ լիբանանեան իշխանութիւններուն որոշումը: Ան ընդգծեց Լիբանանին դէմ ծառացող սպառնալիքներն ու վտանգները դիմագրաւելու կարեւորութիւնը:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի Ապտել Լաթիֆ Տըրիան պաշտօնական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Քաթար: Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ միւֆթի Տըրիան յոյս յայտնեց, որ երկխօսութիւնները ամրապնդեն լիբանանեան հրապարակը եւ տարբեր տեսակէտներուն միջեւ մերձեցում արձանագրեն:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ղազի Արիտի ընդգծեց, որ երկրին մէջ արձանագրուող երկու հիմնական երկխօսութիւնները պիտի չարդիւնաւորուին նախագահական ընտրութեան թղթածրարին լուծումով:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ յառաջիկայ երեք ամսուան ընթացքին նախագահական ընտրութիւն պիտի չկատարուի:
ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ Հըզպալլայի համար շրջանին մէջ իրանեան շահերուն ապահովումը առաջնահերթութիւն է:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ տեսակէտներու մերձեցման միակ եւ հիմնական միջոցը երկխօսութիւնը շարունակելն է:
ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ երիտասարդ Իվ Նաուֆալի սպանութեան հարցով Խալիլ եւ Սաատէ ընտանիքները իրենց զաւակները` Շարպել Խալիլ Խալիլը եւ Ժուլիանօ Մարուն Սաատէն յանձնած են դատական իշխանութիւններուն` նկատի ունենալով, որ անոնք մեղսակցած են այդ ոճիրին:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան միջեւ երկխօսութիւնը բաւական յառաջդիմած է:
ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ օդանաւորդութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտնեց, որ նախանցեալ երեկոյեան Քուէյթէն Լիբանան ուղղուող օդանաւը, որ պէտք էր Պէյրութի միջազգային օդակայան հասնէր երեկոյեան ժամը 7:45-ին, ուշացաւ եւ հասաւ առաւօտեան ժամը 1:00-ին: Ուշացումին պատճառը քուէյթցի քաղաքացիի մը կողմէ ստեղծուած խուճապն էր, որուն իբրեւ հետեւանք Քուէյթի ապահովութեան ուժերը ստիպուած եղած էին պարպել օդանաւը, խուզարկումներ կատարել եւ ապա արտօնել օդանաւին, որ ուղղուի Պէյրութ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ շեշտեց, որ հանրապետութեան հզօր նախագահը յեղաշրջում պիտի չկատարէ, այլ` յանձնառու պիտի մնայ Թաէֆի համաձայնագիրին իսկական գործադրութեան:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերէն, կը գրէ, թէ Սարայա Մուքաուաման լուծարքի ենթարկելը Հըզպալլայի շահերուն չի ծառայեր:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութիւնը կը շարունակէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դէմ իր յարուցած դատական հարցերը յետս կոչել:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանան ամբողջ աշխարհի 71 երկիրներու մէջ դեսպանատուներ ունի, սակայն միայն 31 դեսպան ունի: Օրաթերթին մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանան 40 երկիրներու մէջ դեսպաններ չունի:
ԱՐԱԲԱԿԱՆ Միացեալ Էմիրութիւններու «Խալիժ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը պիտի շարունակուի 26 յունուարին:
ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներ կը նախատեսեն, որ Պեքաայի մէջ ապահովական ծրագիրին գործադրութիւնը այս շաբթուան ընթացքին սկսի: