Լիբանանեան

Մուքպել Ընդունեց  Ուիամ Ուահապը

Մուքպել Ընդունեց Ուիամ Ուահապը

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք Ուահապ յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին շեշտուած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ խորհրդարանը բանակը զինելու եւ անոր զօրակցելու նպատակով անհրաժեշտ բոլոր գումարները պէտք է ապահովէ:

«Եոհան» Պիտի Հասնի Լիբանան

«Եոհան» Պիտի Հասնի Լիբանան

Քաղաքացիական օդանաւորդութեան օդերեւութաբանական գրասենեակին համաձայն, յառաջիկայ երկու օրերուն ընթացքին Լիբանանի կլիման պիտի փոխուի` ջերմաստիճանին արձանագրելիք նուազումին պատճառով: Օդերեւոյթի մասին կատարուած հաղորդումներուն մէջ նշուեցաւ, որ շաբաթէն կիրակի առաւօտ լուսցող գիշերուան ընթացքին Լիբանան պիտի հասնի «Եոհան» անունով փոթորիկ մը, որուն պատճառով Լիբանանը սաստիկ ցուրտի պիտի ենթարկուի, խոնաւութեան համեմատութիւնը պիտի բարձրանայ եւ օդը պիտի դառնայ ամպոտ, փոթորկոտ եւ անձրեւոտ: Կը նախատեսուի, որ փոթորիկը...

Ֆանարի Մէջ Զինեալ  Բախումներ

Ֆանարի Մէջ Զինեալ Բախումներ

Ֆանարի Զաայթրիէ շրջանին մէջ երէկ արձանագրուեցան զինեալ բախումներ` լիբանանեան բանակին եւ Զաայթեր ընտանիքին միջեւ, իբրեւ հետեւանք դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած Մրատ Զաայթերի մահուան: Նշենք, որ Մրատ Զաայթերի ընտանիքը նախապէս յայտնած էր, որ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը կրակած էր իր զաւկին վրայ` աւելցնելով, որ իրենք զայն փոխադրած էին «Մար Եուսեֆ» հիւանդանոց, ուր ան մահացած էր: Նշենք, որ բանակը շրջափակած էր հիւանդանոցը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց ընտրելու հանրապետութեան նոր նախագահ մը, որ կը գործէ ի խնդիր լիբանանցիներուն շահերուն եւ երկրին պահպանումին: ՆԱԽԿԻՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հաստատեց, որ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահը ամբողջ Լիբանանին նախագահն է եւ ոչ միայն քրիստոնեաներունը: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս յայտնեց, որ պաղեստինեան դատը իւրաքանչիւր արդար անձնաւորութեան դատն է, եւ բոլորին պարտականութիւնն է...

Քաղաքական Կարգախօսներն  Ու Ղեկավարներուն Որմազդները  Վերացնելու Արշաւը Սկսած Է

Քաղաքական Կարգախօսներն Ու Ղեկավարներուն Որմազդները Վերացնելու Արշաւը Սկսած Է

Քաղաքական տարբեր ուժերուն կողմէ անցնող 48 ժամերուն ընթացքին սկսած մաքրութեան արշաւը երէկ պաշտօնապէս սկսաւ, երբ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժեր եւ քաղաքապետարաններ սկսան վերացնել Պէյրութի փողոցներուն եւ թաղամասերուն մէջ փակցուած որմազդներն ու քաղաքական կարգախօսները: Արշաւին հսկեց Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպ եւ շրջաններու քաղաքական ուժերուն պատասխանատուները: Այս արշաւը սկսելու հրահանգը տրուած էր ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի կողմէ, իսկ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին...

Բանակը Կը Շարունակէ Ռմբակոծել  Զինեալներուն Դիրքերը Եւ Սայտայի Մէջ  Կ՛որդեգրէ Ապահովական Խիստ Միջոցառումներ

Բանակը Կը Շարունակէ Ռմբակոծել Զինեալներուն Դիրքերը Եւ Սայտայի Մէջ Կ՛որդեգրէ Ապահովական Խիստ Միջոցառումներ

Լիբանանեան բանակը երէկ գրեթէ ամբողջ օրուան ընթացքին թնդանօթներով ռմբակոծեց Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող զինեալներուն դիրքերը: Նշենք, որ Լիբանանեան համալսարանի Սայտայի մասնաճիւղին շրջակայքը լիբանանեան բանակը որդեգրեց ապահովական խիստ միջոցառումներ` իբրեւ նախազգուշութիւն շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրին, թէ Արսալէն դուրս եկած է ահաբեկիչ մը, որ կը միտի Լիբանանեան համալսարանի Սայտայի մասնաճիւղին մօտակայքը անձնասպանական գործողութիւն կատարել: Միւս կողմէ, պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը Պեքաայի...

Պըրրի. «Մուսթաքպալ Հոսանքին  Եւ Հըզպալլայի Միջեւ  Երկխօսութիւնը Անկեղծ Է»

Պըրրի. «Մուսթաքպալ Հոսանքին Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Երկխօսութիւնը Անկեղծ Է»

Մախզումի եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան նախագահ Ֆուատ Մախզումին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Մախզումի յայտնեց, որ ինք շնորհաւորած է խորհրդարանի նախագահը` Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութիւնը նախագահելու առումով, աւելցնելով, որ այդ երկխօսութիւնը սկսելէն ի վեր երկրին մէջ դրական մթնոլորտ մը կը տիրէ: Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին...

Վարչապետ Սալամ  Ուղղուեցաւ Գերմանիա

Վարչապետ Սալամ Ուղղուեցաւ Գերմանիա

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ուղղուեցաւ Գերմանիա` մասնակցելու համար ապահովութեան վերաբերող խորհրդաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Միւնիխի մէջ: Կը նախատեսուի, որ վարչապետ Սալամ հանդիպումներ ունենայ խորհրդաժողովին մասնակցելու նպատակով Միւնիխ գտնուող այլ երկիրներու պատասխանատուներու հետ:

Մուքպել Ընդունեց  Ապպաս Իպրահիմը

Մուքպել Ընդունեց Ապպաս Իպրահիմը

Նախարար Սամիր Մուքպել Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցին վերաբերող շարք մը հարցեր եւ կատարուելիք աշխատանքներ: Քննարկուեցան նաեւ Իպրահիմի ի գործ դրած ջանքերը` առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու բանակցութիւններուն ծիրին մէջ, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան որդեգրած ապահովական միջոցառումները` ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու, երկրին ապահովական...

Ալի Հասան Խալիլ. «Նախարարութեան  Անունով Կեղծուած Կնիքներ Բացայայտած Են»

Ալի Հասան Խալիլ. «Նախարարութեան Անունով Կեղծուած Կնիքներ Բացայայտած Են»

Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ յայտնեց, որ նախարարութեան եւ անոր ընդհանուր տնօրէնութեան ու հարկահաւաքի տնօրէնութեան անունով կեղծուած կնիքներ եւ ստորագրութիւններ բացայայտած են` շեշտելով, որ անոնք կ՛օգտագործուէին հանրութեան դրամը կեղեքելու նպատակով: Ալի Հասան Խալիլ հաստատեց, որ ինք անձնական հանգամանքով դատական հարց յարուցած է այդ յանցագործներուն դէմ եւ թղթածրարը փոխանցած է դատական իշխանութիւններուն:

Ապու Սաապ. «Մեզի Տեղեկացուցին  Պէյրութի Նաւահանգիստին Դ. Նաւամատոյցը  Փակելու Աշխատանքները Կասեցնելու Մասին»

Ապու Սաապ. «Մեզի Տեղեկացուցին Պէյրութի Նաւահանգիստին Դ. Նաւամատոյցը Փակելու Աշխատանքները Կասեցնելու Մասին»

Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ երէկ յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի ընդհանուր տնօրէն Հասան Քրայթեմ զինք տեղեկացուցած է, թէ վարչապետ Թամմամ Սալամի ցուցմունքներուն համաձայն, Պէյրութի նաւահանգիստի Դ. նաւամատոյցը փակելու աշխատանքները կասեցուած են: «Հետեւաբար, ոչ մէկ դրդապատճառ կայ նաւահանգիստին մուտքերը փակելու նստացոյցը շարունակելու», ըսաւ նախարար Ապու Սաապ: Միւս կողմէ, Ապու Սաապ անդրադարձաւ Լիբանանեան համալսարանին դիմագրաւած հարցերուն` շեշտելով, որ հոն...

Պասիլ Ընդունեց Բրիտանիոյ, Քանատայի  Եւ Եւրոպական Միութեան Դեսպանները

Պասիլ Ընդունեց Բրիտանիոյ, Քանատայի Եւ Եւրոպական Միութեան Դեսպանները

Պասիլ եւ դեսպան Ֆլեչըր Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որ մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել: Պասիլ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Միշել Քամերոնը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները: Պասիլի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթը:  

Ժիրօ Երկուշաբթի  Օր Պիտի Մեկնի Վատիկան

Ժիրօ Երկուշաբթի Օր Պիտի Մեկնի Վատիկան

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի հարցերու գրասենեակի տնօրէն եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարի յատուկ պատուիրակ Ֆրանսուա Ժիրօ նախանցեալ երեկոյեան այցելեց Պնաշհի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հետ: Երէկ առաւօտեան Ժիրօ մեկնեցաւ Ֆրանսա: Նշենք, որ Ժիրօ երկուշաբթի օր պիտի մեկնի Վատիկան, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ`...

Ժեմայէլ Կ՛այցելէ  Թրիփոլի

Ժեմայէլ Կ՛այցելէ Թրիփոլի

Սամի Ժեմայէլի հետ հանդիպումէն պահ մը Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ այցելեց Թրիփոլի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հիւսիսային Լիբանանի իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Ֆահըտ Մուքատտամի հետ` ներկայութեամբ ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպասի, երեսփոխաններ Ահմետ Ֆաթֆաթի, Սամեր Սաատէի, Սամիր Ժսըրի, Մուսթաքպալ հոսանքի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշի, ինչպէս նաեւ այլ պատասխանատուներու, որոնց շարքին` Պէյրութի իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Ժորժ Ժրէյժի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան խստիւ դատապարտեց հաւատադրժողական խմբաւորումներուն կողմէ օգտագործուած մահապատիժի ձեւերն ու միջոցները, որոնք կը գործադրուին իրենց պատանդներուն դէմ: ԻՐԱՆԵԱՆ աղբիւրներ հաստատեցին, որ լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք իրանեան զինուորական օժանդակութիւնները պատրաստ են եւ Լիբանանի պաշտօնական հաւանութենէն անմիջապէս ետք Լիբանան կրնան հասնիլ: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի...

Կառավարութիւնը Խստիւ Դատապարտեց  Դամասկոսի Մէջ Լիբանանեան Փոխադրատարին  Պայթումը Եւ Յորդանանցի Օդաչուին  Եւ Ճափոնցիներուն Մահապատիժները

Կառավարութիւնը Խստիւ Դատապարտեց Դամասկոսի Մէջ Լիբանանեան Փոխադրատարին Պայթումը Եւ Յորդանանցի Օդաչուին Եւ Ճափոնցիներուն Մահապատիժները

Կառավարութեան նիստէն պահ մը Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութիւնը իր նիստին ընթացքին խստիւ դատապարտեց լիբանանցի ուխտաւորներու փոխադրատարը Դամասկոսի մէջ ահաբեկչութեան թիրախ դարձնելու արարքը, ինչպէս նաեւ դատապարտեց ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ յորդանանցի օդաչու Մաազ Քասասիպայի եւ ճափոնցի քաղաքացիներուն դէմ գործուած մահապատիժները: Ժրէյժ նշեց, որ...

Լիբանան Կը Դատապարտէ  Յորդանանցի Օդաչուին Մահապատիժը

Լիբանան Կը Դատապարտէ Յորդանանցի Օդաչուին Մահապատիժը

Մաազ Քասասիպա Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին յղեց ցաւակցագիր մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ յորդանանցի օդաչու Մաազ Քասասիպայի դէմ գործուած մահապատիժը: Ան Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն անունով ցաւակցութիւն յայտնեց Յորդանանին, յորդանանցիներուն եւ նահատակ օդաչուին ընտանիքին` կոչ ուղղելով անիրաւութեան այս ախտին դէմ դնելու: Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս դատապարտեց այդ բարբարոս արարքը: Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ...

Պըրրի. «Երկխօսութեան Ընթացքը  Հեզասահ Է Եւ Ոչինչ Պիտի Խանգարէ Զայն»

Պըրրի. «Երկխօսութեան Ընթացքը Հեզասահ Է Եւ Ոչինչ Պիտի Խանգարէ Զայն»

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրին Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութեան ընթացքը հեզասահ է եւ ոչինչ պիտի խանգարէ կամ խոչընդոտէ զայն: Պըրրի աւելցուց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ երկխօսութիւնը ներքին եւ արտաքին զօրակցութիւն կը վայելէ: Միւս կողմէ, Պըրրի ողջունեց խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն...

Զասիփքին. «Միջազգային Ընտանիքը  Պէտք Է Միասնականութեամբ  Դիմադրէ Ահաբեկչութեան»

Զասիփքին. «Միջազգային Ընտանիքը Պէտք Է Միասնականութեամբ Դիմադրէ Ահաբեկչութեան»

Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին երէկ «Վանայ ձայն»-ի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է միասնականութեամբ դիմադրէ ահաբեկչութեան` նկատել տալով, որ Մոսկուայի խորհրդաժողովը կարելի է դրական նկատել, որովհետեւ անիկա Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման իմաստով տեսակարար յառաջդիմութիւն արձանագրած է` սուրիական ընդդիմութեան ներկայութիւնը բոլոր հանդիպումներուն ապահովելու իմաստով: Զասիփքին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ գործող ահաբեկչութիւնը մեծաւ մասամբ ՏԱՀԵՇ-ին...

Ժիրօ Շարունակեց Լիբանանցի  Պատասխանատուներուն Հետ  Իր Հանդիպումները

Ժիրօ Շարունակեց Լիբանանցի Պատասխանատուներուն Հետ Իր Հանդիպումները

Երկրորդ օրն ըլլալով Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի հարցերու գրասենեակի տնօրէն եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարի յատուկ պատուիրակ Ֆրանսուա Ժիրօ շարունակեց լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ իր հանդիպումները: Այս շրջագիծին մէջ Ժիրօ այցելեց Ռապիէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ: Լիբանանի ապահովական կացութիւնը, շրջանային զարգացումներն ու նախագահական ընտրութեան թղթածրարը Ժիրօ...

Page 974 of 985 1 … 973 974 975 … 985

Արխիւներ