Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 6, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան խստիւ դատապարտեց հաւատադրժողական խմբաւորումներուն կողմէ օգտագործուած մահապատիժի ձեւերն ու միջոցները, որոնք կը գործադրուին իրենց պատանդներուն դէմ:

ԻՐԱՆԵԱՆ աղբիւրներ հաստատեցին, որ լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք իրանեան զինուորական օժանդակութիւնները պատրաստ են եւ Լիբանանի պաշտօնական հաւանութենէն անմիջապէս ետք Լիբանան կրնան հասնիլ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայես յայտնեց, որ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ իր հրաժարականին մասին կեցուածք մը պիտի յայտարարէ յարմարագոյն վայրին ու ժամանակին եւ իր իւրայատուկ ձեւով:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆայի շեշտեց, որ երկխօսութեան նիստերը սկսած են արդիւնաւորուիլ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ վերանորոգում շարժումի ընդհանուր քարտուղար Անթուան Հատտատ յայտնեց, որ Լիբանան ունի երկու տեսակ անձեռնմխելիութիւն, որոնցմէ մէկը ներքին է, իսկ միւսը` արտաքին:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը ներքին հարց է եւ կառավարութեան դերակատարութիւնը ընթացաւարտ կառավարութեան առաքելութեան համազօր է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ ընթացող երկխօսութեան ծիրին մէջ լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ կուսակցական կարգախօսներուն վերացումը որդեգրուած մասնակի քայլ մը կարելի է նկատել:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին յայտնեց, որ Մոսկուա բարձր կը գնահատէ Հըզպալլայի դերակատարութիւնը` Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու առումով:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

 

 

Նախորդը

Յորդանանեան Ռմբաձիգներ Կը Ռմբակոծեն Ռաքքայի Մէջ Գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի Դիրքերը

Յաջորդը

Ժեմայէլ Կ՛այցելէ Թրիփոլի

RelatedPosts

Ըստ Ղալիպաֆի Խորհրդականին.  Միացեալ Նահանգներ Չեն Ուզեր  Լիբանանի Մէջ Պատերազմը Դադրեցնել
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Ղալիպաֆի Խորհրդականին. Միացեալ Նահանգներ Չեն Ուզեր Լիբանանի Մէջ Պատերազմը Դադրեցնել

November 13, 2026
Ընդունելով Պիլալ Էրտողանը`  Աուն. «Լիբանան Անհամբեր Կը Սպասէ  Թուրք-Լիբանանեան Յարաբերութիւններուն Մէջ  Գործակցութեան Ու Գործընկերութեան  Նոր Փուլի Մը»
Լիբանանեան

Ընդունելով Պիլալ Էրտողանը` Աուն. «Լիբանան Անհամբեր Կը Սպասէ Թուրք-Լիբանանեան Յարաբերութիւններուն Մէջ Գործակցութեան Ու Գործընկերութեան Նոր Փուլի Մը»

November 13, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.