Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանան Կը Դատապարտէ Յորդանանցի Օդաչուին Մահապատիժը

Փետրուար 5, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մաազ Քասասիպա
Մաազ Քասասիպա

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին յղեց ցաւակցագիր մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ յորդանանցի օդաչու Մաազ Քասասիպայի դէմ գործուած մահապատիժը:

Ան Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն անունով ցաւակցութիւն յայտնեց Յորդանանին, յորդանանցիներուն եւ նահատակ օդաչուին ընտանիքին` կոչ ուղղելով անիրաւութեան այս ախտին դէմ դնելու:

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս դատապարտեց այդ բարբարոս արարքը: Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ յորդանանցի իր պաշտօնակիցին հետ եւ ցաւակցութիւն յայտնեց անոր:

Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման իր կարգին ցաւակցագիր մը յղեց Յորդանանի թագաւորին` շեշտելով, որ իսլամութիւնը ոչ մէկ կապ ունի այս բարբարոսութեան հետ:

Յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը խստիւ դատապարտեց Քասասիպայի դէմ գործուած անմարդկային արարքը` զայն նկատելով պատմութեան ամէնէն քստմնելի ոճիրներէն մէկը:

Ան ցաւակցութիւն յայտնեց Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին եւ կոչ ուղղեց շրջանին խաղաղութեան համար աղօթելու:

Հըզպալլա իր կարգին դատապարտեց յորդանանցի օդաչուին դէմ գործուած այդ անարգ ոճիրը` ցաւակցելով յորդանանցիներուն:

Հըզպալլայի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ շրջանին մէջ կարգ մը երկիրներ պէտք է վերատեսութեան ենթարկեն իրենց որդեգրած քաղաքականութիւնը, որուն հիման վրայ անոնք կը ֆինանսաւորեն Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ սպանդներ գործող ահաբեկչական կազմակերպութիւնները:

«Նման ահաբեկիչներուն նկատմամբ ցուցաբերուած նիւթական եւ բարոյական զօրակցութեան պատճառով է, որ այդ խմբաւորումները վտանգ սկսած են սպառնալ, հետեւաբար պէտք է միացեալ, յստակ եւ անկեղծ կեցուածք որդեգրել` քաղաքական, գործնական եւ մշակութային պայքար մղելու անոնց դէմ», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Երկխօսութեան Ընթացքը Հեզասահ Է Եւ Ոչինչ Պիտի Խանգարէ Զայն»

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Խստիւ Դատապարտեց Դամասկոսի Մէջ Լիբանանեան Փոխադրատարին Պայթումը Եւ Յորդանանցի Օդաչուին Եւ Ճափոնցիներուն Մահապատիժները

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?