Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքական Կարգախօսներն Ու Ղեկավարներուն Որմազդները Վերացնելու Արշաւը Սկսած Է

February 6, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

20515_vormazt20515_ziad_shbibՔաղաքական տարբեր ուժերուն կողմէ անցնող 48 ժամերուն ընթացքին սկսած մաքրութեան արշաւը երէկ պաշտօնապէս սկսաւ, երբ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժեր եւ քաղաքապետարաններ սկսան վերացնել Պէյրութի փողոցներուն եւ թաղամասերուն մէջ փակցուած որմազդներն ու քաղաքական կարգախօսները:

Արշաւին հսկեց Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպ եւ շրջաններու քաղաքական ուժերուն պատասխանատուները:

Այս արշաւը սկսելու հրահանգը տրուած էր ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի կողմէ, իսկ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութեան ընթացքին այդ մասին համախոհութիւն գոյացած էր:

Նշենք, որ նոյն արշաւը գործադրուեցաւ նաեւ Սայտայի մէջ` Հըզպալլայի կողմէ, իսկ Թրիփոլիի մէջ այդ արշաւին վերահսկեց հիւսիսային Լիբանանի նահանգապետ Ռամզի Նոհրա:

Պէյրութի Նահանգապետը Փակեց
Քարանթինայի Ձկնարանը

20515_tsugՊէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպի որոշումով երէկ Քարանթինայի ձկնարանը փակուեցաւ` նկատի ունենալով, որ անիկա ձուկերը առողջապահական չափանիշներով պահելու յարմար միջավայրը չունի:

Շպիպ նշեց, որ ձկնարանը լեցուած է միջատներով եւ սատկած առնէտներով:

Ան շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն եւ պատասխանատուներուն հետ պիտի խորհրդակցին` ձուկի շուկան այլ տեղ փոխադրելու նպատակով:

Ձկնորսներու սենտիքան խստիւ դատապարտեց Շպիպի առած քայլը: Սենտիքայի նախագահ Ապտալլա Ղազալէ յայտնեց, որ իրենք պիտի դիմեն մագլցողական քայլերու:

Ձկնարանին փակումէն ետք ձկնորսները անմիջապէս փակեցին Պէյրութի նաւահանգիստ տանող մայրուղին:

Առողջապահութեան Նախարարութեան Որոշումով
«
Փրոֆեշընըլ Մետ» Կը Փակուի

Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ յայտնեց, որ իր որոշումով Մեթնի Ժտէյտէ շրջանին մէջ փակուած է «Փրոֆեշընըլ մետ» բժշկական իրերու յատուկ ընկերութիւնը` նկատի ունենալով, որ ան կը վաճառէ հականեխուած բժշկական իրեր, առանց նման աշխատանք կատարելու արտօնագիր ունենալու:

Նախարարութիւնը նշեց, որ հականեխուած բժշկական այդ իրերը կ՛օգտագործուին ատամնաբուժներու կողմէ, ինչպէս նաեւ վիրահատումներու ընթացքին:

Ըստ նախարարութեան, 176 ատամնաբուժներ «Փրոֆեշընըլ մետ»-ի հետ կը գործակցին:

Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր կոչ ուղղեց անոնց վերջ տալու «Փրոֆեշընըլ մետ»-ի իրերուն օգտագործումը եւ տեղեակ պահելու նախարարութիւնը իրենց մօտ գտնուող իրերուն մասին:

 

 

Նախորդը

Բանակը Կը Շարունակէ Ռմբակոծել Զինեալներուն Դիրքերը Եւ Սայտայի Մէջ Կ՛որդեգրէ Ապահովական Խիստ Միջոցառումներ

Յաջորդը

Եւրոպական Միութեան Խորհրդարանին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Եւրոպական Խորհրդարան – Հայաստան Բարեկամութեան Խումբի Վերակազմութիւնը

RelatedPosts

Ըստ Ղալիպաֆի Խորհրդականին.  Միացեալ Նահանգներ Չեն Ուզեր  Լիբանանի Մէջ Պատերազմը Դադրեցնել
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Ղալիպաֆի Խորհրդականին. Միացեալ Նահանգներ Չեն Ուզեր Լիբանանի Մէջ Պատերազմը Դադրեցնել

November 13, 2026
Ընդունելով Պիլալ Էրտողանը`  Աուն. «Լիբանան Անհամբեր Կը Սպասէ  Թուրք-Լիբանանեան Յարաբերութիւններուն Մէջ  Գործակցութեան Ու Գործընկերութեան  Նոր Փուլի Մը»
Լիբանանեան

Ընդունելով Պիլալ Էրտողանը` Աուն. «Լիբանան Անհամբեր Կը Սպասէ Թուրք-Լիբանանեան Յարաբերութիւններուն Մէջ Գործակցութեան Ու Գործընկերութեան Նոր Փուլի Մը»

November 13, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.