Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Ուահապ յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին շեշտուած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ խորհրդարանը բանակը զինելու եւ անոր զօրակցելու նպատակով անհրաժեշտ բոլոր գումարները պէտք է ապահովէ: