Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի հարցերու գրասենեակի տնօրէն եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարի յատուկ պատուիրակ Ֆրանսուա Ժիրօ նախանցեալ երեկոյեան այցելեց Պնաշհի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հետ:
Երէկ առաւօտեան Ժիրօ մեկնեցաւ Ֆրանսա:
Նշենք, որ Ժիրօ երկուշաբթի օր պիտի մեկնի Վատիկան, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ` քննարկելու համար Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարը: