Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ուղղուեցաւ Գերմանիա` մասնակցելու համար ապահովութեան վերաբերող խորհրդաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Միւնիխի մէջ:
Կը նախատեսուի, որ վարչապետ Սալամ հանդիպումներ ունենայ խորհրդաժողովին մասնակցելու նպատակով Միւնիխ գտնուող այլ երկիրներու պատասխանատուներու հետ: