ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց ընտրելու հանրապետութեան նոր նախագահ մը, որ կը գործէ ի խնդիր լիբանանցիներուն շահերուն եւ երկրին պահպանումին:
ՆԱԽԿԻՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հաստատեց, որ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահը ամբողջ Լիբանանին նախագահն է եւ ոչ միայն քրիստոնեաներունը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս յայտնեց, որ պաղեստինեան դատը իւրաքանչիւր արդար անձնաւորութեան դատն է, եւ բոլորին պարտականութիւնն է զօրակցիլ այդ դատին արդար լուծման:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ալճերիոյ դեսպան Ահմետ Պոզիանի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու շրջանային իրադարձութիւնները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր ընդգծեց, որ Հըզպալլայի հետ սկսած եւ շարունակուող երկխօսութիւնը Լիբանանի մէջ ստեղծած է դրական եւ հանգիստ մթնոլորտ:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք հաստատեց, որ հիւսիսային Պեքաայի մէջ ապահովական ծրագիրը մօտիկ ապագային պիտի գործադրուի` աւելցնելով, որ այդ ծրագիրը ամբողջ Լիբանանի ապահովական կայունութեան ծառայող քայլ մը պիտի ըլլայ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլի կտրականապէս հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն տեղեկութիւնները, թէ Ֆրանսա ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ կը մշակէ Հըզպալլան հարուածելու ծրագիր մը: Ան հաստատեց, որ Փարիզ կոչ կ՛ուղղէ Լիբանանին յարգելու թիւ 1701 բանաձեւը` շեշտելով, որ Ֆրանսա լիբանանեան քաղաքական ոչ մէկ ուժի դէմ դաւադրութիւն կը նիւթէ:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանան հասած ֆրանսացի յատուկ պատուիրակ Ֆրանսուա Ժիրօ ոչ մէկ յաջողութիւն կրցած է արձանագրել Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու թղթածրարին առումով:
ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ահաբեկչութիւնը հիւրընկալող միջավայր գոյութիւն չունի:
ԶԱՀԼԷԻ մէջ առողջապահութեան նախարարութեան յատուկ քննիչներ փակած են «Լուիս» եւ «Տաուք» միսի վաճառատուները: Անոնք նշած են, որ 15 օր առաջ իրենք այցելած են այդ վաճառատուները եւ մսագործները զգուշացուցած, որ իրենց վաճառած միսը առողջապահական չափանիշները չ՛ամբողջացներ, սակայն այդ զգուշացումները պարզապէս անտեսուած են անոնց կողմէ:
ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ յայտնեց, որ իրենք գրաւ չեն դներ ներկայիս ընթացող երկխօսութիւններուն վրայ` հաստատելով, որ պահանջուածը ներքին լիբանանեան ամբողջական երկխօսութիւն է, որուն պիտի մասնակցին երկրին քաղաքական բոլոր ուժերը: «Միայն այդ պարագային է, որ կարելի է փոփոխութիւններ արձանագրել», շեշտեց Մըրատ:
ՍԱԼԱՖԱԿԱՆ շարժումի միութիւններէն մէկուն նախագահը` Հասան Շահհալ հաստատեց, որ արդէն իսկ ենթահող մը պատրաստ է` սալաֆական շարժումին եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութիւն կատարելու:
ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական խորհուրդի անդամ երեսփոխան Ալի Պեզզի կոչ ուղղեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու նպատակով յատուկ ուժեր զինուորագրելու:
ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ընդհանուր քարտուղար Ուսամա Սաատ շեշտեց, որ Պէյրութի փողոցներուն մէջ գործադրուած արշաւը` քաղաքական շարժումներու ղեկավարներուն, զինանշաններուն, դրօշակներուն եւ կարգախօսներուն որմազդներն ու պաստառները վերացնելու իմաստով, դրական քայլ մըն է, սակայն անիկա մասնակի է ու սահմանափակ:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ գնահատեց լիբանանեան նախագահական ընտրութեան գծով վերջերս կատարուած ֆրանսական նախաձեռնութիւնը, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց յարգելու Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը: Հաղորդագրութեան մէջ մերժուեցաւ ճակատումի կանոններուն փոփոխութեան մասին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ հաւասարակշռուած բարգաւաճում կարելի չէ իրականացնել, առանց վարչական ապակեդրոնացեալ դրութիւն հաստատելու:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Զիատ Պարուտ յայտնեց, որ քաղաքացիական ամուսնութիւնը սահմանադրական իրաւունք է, որ պարզապէս կարիքը ունի վարչական որոշումի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ յայտնեց, որ լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ կուսակցական կարգախօսները, դրօշակներն ու որմազդները մաքրելու արշաւը կարեւոր է` լարուածութիւնը մեղմացնելու առումով:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ քաղաքացիական ամուսնութիւնը լիբանանեան պետութեան մօտ չարձանագրելու իմաստով ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի տուած որոշումը քաղաքական է:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Կապի Լայեուն շեշտեց, որ Լիբանանի ապահովական կացութիւնը կայուն է, իսկ հաւատադրժողական շարժումներուն մտայնութեան դէմ անհրաժեշտ է պայքարիլ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ մայրաքաղաքը կուսակցութիւններու կարգախօսներէն, դրօշներէն ու որմազդներէն մաքրելու արշաւը համեստ քայլ մըն է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ապպաս Հաշեմ շեշտեց, որ «Պաապտայի յայտարարութեան» մասին կարելի չէ խօսիլ, որովհետեւ անիկա անշունչ յայտարարութեան մը վերածուած է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի ընդգծեց, որ Պէյրութը տարբեր կուսակցութիւններու կարգախօսներէն, դրօշներէն ու որմազդներէն մաքրելու արշաւին համար երկխօսութեան կարիք չկար: