Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խալետ Տահեր Ի Յայտ Եկաւ Նոր «Մարգարէութեամբ» Մը

February 11, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

21015_DaherԹրիփոլիի Նուր հրապարակին վրայ գտնուող իսլամական դրօշակները վերացնելու քայլին դէմ կատարուած հաւաքին ընթացքին Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Խալետ Տահեր շեշտած էր, որ եթէ անոնք կ՛ուզեն դրօշակները վերացնել, ապա պէտք է սկսին Եսուհ Մալաքի արձանով եւ սուրբերուն լուսանկարներով, որոնք Ժունիէի մէջ իրենց ձեռքերը բացած են:

Այս «մարգարէութիւն»-ը նախ եւ առաջ զայրոյթ պատճառեց Մուսթաքպալ պլոքի քրիստոնեայ երեսփոխաններուն, ինչպէս նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի եւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, ինչպէս  նաեւ մեծ թիւով քրիստոնեայ պատասխանատուներու:

Տահեր նախանցեալ օր իր բնակարանին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտնեց, որ ինք չէ պահանջած այս կամ այն շրջանէն խաչերը կամ սուրբերու արձանները վերացնել, այլ պարզապէս հարց տուած է, թէ ինչո՞ւ միայն մէկ շրջանի մէջ կրօնական խորհրդանիշները պէտք է վերցնել:

Ան շեշտեց, որ ինք պատրաստ է ներում հայցելու, եթէ մէկուն հաշուոյն սխալած է:

Աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի խստիւ դատապարտեց Տահերի համայնքային խտրութեան յայտարարութիւնները, որոնք սադրանքներ հրահրելու փորձեր են, եւ պահանջեց զայն վտարել Մուսթաքպալ հոսանքէն եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու դաշինքէն:

Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ Տահերի կատարած յայտարարութիւնները ոչ մէկ ձեւով կապ կրնան ունենալ Լիբանանի հետ:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ ընդգծեց, որ Տահեր դադրած է լիբանանեան անձնաւորութիւն մը ըլլալէ եւ վերածուած լեռներուն վրայ թափառող խմբաւորումներու անդամի մը:

Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ կտրականապէս մերժեց Տահերի յայտարարութիւնը` շեշտելով, որ համայնքային գրգռութիւններու հրահրումը անընդունելի է:

Մուսթաքպալ հոսանքի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ իրենք կը մերժեն Տահերի յայտարարութիւնները` նշելով, որ անոնք Մուսթաքպալի կեցուածքը չեն դրսեւորեր:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան պատասխանատուներէն Էտի Ապի Լամահ շեշտեց, որ Տահերի կատարած վերջին յայտարարութիւնները խիստ մերժելի են` զանոնք որակելով անհեթեթ եւ անտեղի յայտարարութիւններ, զորս կարելի չէ արդարացնել:

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ հիւսիսային Լիբանանի այդ երեսփոխանը մտային խանգարումի յատուկ առողջարան մը տանիլը ազգային կարիքի վերածուած է:

 

Նախորդը

Թրքական Ուժեր Կը Ձերբակալեն Լիբանանցի Լրագրող Ֆիրաս Հաթումը

Յաջորդը

Մոկերինի. «Եւրոպական Միութիւնը Լիբանանի Ազգային Միասնականութեան Եւ Գերիշխանութեան Պաշտպանութեան Յանձնառու Կը Մնայ»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.