Իսրայէլեան օդուժը երէկ կազմ ու պատրաստ վիճակ ստացաւ, երբ Լիբանանէն օդանաւ մը թռիչքներ գործեց հիւսիսային Իսրայէլի վերեւ:
Այս դէպքին մասին յաւելեալ ոչ մէկ տեղեկութիւն փոխանցուեցաւ:
Նշենք, որ այդ դէպքէն ետք իսրայէլեան օդանաւեր իրենց կարգին թռիչքներ գործեցին հարաւային Լիբանանի, յատկապէս Քֆարքիլայի եւ Մերժահիունի վերեւ: