Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ Կիպրոսի մէջ Լիբանանի դեսպան Եուսեֆ Սատաքայէն ստացաւ տեղեկագիր մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ տարեկան դրութեամբ Կիպրոսի մէջ քաղաքացիական ամուսնութիւն կը կնքեն 560 լիբանանցիներ` լիբանանեան բոլոր համայնքներէն:
Արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն, քաղաքացիական ամուսնութիւնը Լիբանանի մէջ կարելի է արձանագրել: