Լիբանանեան բանակը երէկ շարունակեց ռմբակոծել Ռաս Պաալպեքի եւ Արսալի բարձունքները, ուր դիրքաւորուած են Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներ:
Բանակը թնդանօթներով հարուածեց անոնց որջերը` պատճառելով վնասներ:
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Ռաս Պաալպեքէն եւ Արսալէն բացի, բանակը ռմբակոծած է նաեւ Քֆարզապատի բարձունքները:
ՄԻՒՍ կողմէ, բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Սայտայի մէջ ձերբակալեց ահաբեկչական յանցանքներ գործած եւ լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած յանցագործ Ահմետ Ասիրի հետեւորդներէն մէկը, որուն բջիջային հեռաձայնին մէջ կը գտնուէին ՏԱՀԵՇ-ի յատուկ լուսանկարներ եւ կարգախօսներ:
Պըպնինի մէջ բանակը ներխուժեց Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն «Ռահմէ» վրանաքաղաքը, ուր ձերբակալեց չորս սուրիացիներ, որոնք օրինական փաստաթուղթեր չունէին: