Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Փետրուար 9, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան Ժ. տարելիցին առիթով Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի պիտի վերադառնայ Պէյրութ:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ ֆրանսացի պատուիրակ Ֆրանսուա Ժիրոյի Լիբանան կատարած այցելութեան նպատակն էր կառավարութեան աշխատանքներն ու համախոհութիւնը պահպանել: Ան աւելցուց, որ Ժիրոյի այցելութիւնը նախագահական ընտրութեան շրջագիծին մէջ ոչ մէկ յառաջդիմութիւն արձանագրած է:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ յանձնառու է ազգային համախոհութեան եւ կառավարութեան աշխատանքին գծով ոչ մէկ որոշում կու տայ, եթէ անոր յաջողութիւնը երաշխաւորուած չէ:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ իրենք կը նմանին այն մարդոց, որոնք խաւաքարտէ տան մը մէջ կ՛ապրին, եւ այդ տունը կրնայ առաջին իսկ ցնցումներուն փուլ գալ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ հաւասարակշռուած ընտրական նոր օրէնք մը կրնայ տիրող լարուածութեան վերջ տալ եւ ոչ թէ ճամբաներէն կարգախօսներու, դրօշակներու եւ որմազդներու վերացումը:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, Արսալի մէջ եւ անոր բարձունքներուն վրայ կը տիրէ վտանգաւոր կացութիւն մը` դիտել տալով, որ բանակին կողմէ Արսալի եւ Ռաս Պաալպեքի գնդակոծումը այդ վտանգին ծիրին մէջ կարելի է տեսնել:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ` հիմնուելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի խորհուրդին վրայ, իր հրաժարելուն հարցը յետաձգեց յառաջիկայ մայիսին: Նշենք, որ Ժոմպլաթ շնորհակալական հեռագիրներ ստացաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի կողմէ, Նոր տարուան առիթով իր շնորհաւորանքներուն համար:

ԹՐԻՓՈԼԻԻ «Մաարատ» փողոցին մէջ, նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէի բնակարանին մօտ ռումբ մը գտնուած է:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, հիւսիսային Պեքաայի ապահովական ծրագիրը պատրաստ է եւ մօտիկ ապագային անոր գործադրութեան ազդանշանը պիտի տրուի: Ըստ նոյն օրաթերթին, այդ քայլը քաղաքական ամբողջական հովանաւորութիւն կը վայելէ Հըզպալլայի, Ամալ շարժումին եւ Մուսթաքպալ հոսանքին կողմէ:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Վատիկան կը վստահի մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ Պքերքէի սկզբունքներուն, յատկապէս հանրապետութեան նախագահին ընտրութեան եւ Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութիւնը պահպանելու առումով: Կը նախատեսուի, որ Ֆրանչիսկոս Բ. պապը միջազգային մակարդակի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունենայ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան մասին:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը ոչ մէկ արդիւնքի պիտի յանգի` նախագահական ընտրութեան առումով:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ամէն ջանք ի գործ կը դրուի Մար Մարոնի առիթով Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահի միջեւ հանդիպումը յաջողցնել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի 6 փետրուարի դէպքերուն առիթով յայտնեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ սադրանքները փոխարինեն նահատակներուն թափած արիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն ղեկավարներուն միջեւ հանդիպումին արձանագրած յապաղումը չի նշանակեր, որ անոնց միջեւ երկխօսութիւնը խոչընդոտներու դէմ յանդիման կը գտնուի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի յայտնեց, որ բոլոր ուժերը լիբանանեան պետութեան վրայ իր կարողութիւններէն եւ ուժերէն վեր ճնշումներ կը բանեցնեն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ նշեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութեան երկրորդ հանգրուանը «Սարայա Մուքաուամա»-ի հարցին պիտի անդրադառնայ:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի իրաւաբան Սլէյման Ֆրենժիէ յայտնեց, որ եթէ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններու ղեկավարներուն միջեւ երկխօսութեան շնորհիւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն հանրապետութեան նախագահ պիտի ընտրուի, ապա իրենք կ՛ողջունեն այդ երկխօսութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ Պեքաայի մէջ ՏԱՀԵՇ-ը հիւրընկալող միջավայր մը գոյութիւն չունի:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթեց Իսլահ Պըրժ Շիմալիի` 2-1 Արդիւնքով

Յաջորդը

Միքաթի. «Թրիփոլիի Մէջ Քրիստոնեաներն Ու Իսլամները Իրենց Յարաբերութիւններուն Մէջ Հաստատ Են»

RelatedPosts

Աուն-Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն-Սալամ Հանդիպում

Մայիս 21, 2025
Պըրրի. «Իսրայէլեան Թակարդը Պիտի Չիյնանք,  Այլ Պիտի Դիմադրենք Անոր Ծրագիրին»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Պէյրութի Մէջ Հակադիր Կողմերը Համախմբեցինք, Սակայն Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Պատկերը Տարբեր Պիտի Ըլլայ»

Մայիս 21, 2025
Այցելելով Պըրրիի`  «Նախագահ Աունի Հովանաւորութեամբ Ազգային  Խորհրդաժողովի Կը Ձգտինք  Եւ Անոր Համար Կ՛աշխատինք»  Կ՛ըսէ Տիւրզիներու Հոգեւոր Պետը
Լիբանանեան

Այցելելով Պըրրիի` «Նախագահ Աունի Հովանաւորութեամբ Ազգային Խորհրդաժողովի Կը Ձգտինք Եւ Անոր Համար Կ՛աշխատինք» Կ՛ըսէ Տիւրզիներու Հոգեւոր Պետը

Մայիս 21, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?