Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Զօր. Աունի

Փետրուար 7, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

20615_aoun_hizballaՓոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Ղալեպ Ապու Զէյնապ, Մահմուտ Քումաթի եւ Ալի Տահեր:

Հանդիպումէն ետք Քումաթի յայտնեց, որ ինք զօր. Աունին ներկայացուց Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութեան արդիւնքները` շեշտելով, որ անիկա լուրջ երկխօսութիւն մըն է, որ տակաւին ընթացքի մէջ է:

Քումաթի շեշտեց, որ հանդիպումին ընթացքին զօր. Աունի հետ նախագահական ընտրութեան մասին ոչինչ քննարկած են, որովհետեւ այդ առումով զօր. Աունի թեկնածութեան զօրակցող Հըզպալլայի կեցուածքը յստակ է:

Քումաթի այդ մասին յայտարարութիւնը կատարելու ընթացքին մէջբերեց զօր. Աունի նուիրուած երգին բառերէն. «Չենք լքեր Աունը, անկէ բացի ոչ ոքի համաձայն ենք»:

Քումաթի նշեց, որ իրենք վերահաստատած են Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ փոխըմբռնումի համաձայնագիրին նկատմամբ իրենց կառչածութիւնը` աւելցնելով, որ այդ համաձայնագիրը կրնայ ծառայել իբրեւ սեւագիր մը` միջլիբանանեան երկխօսութեան:

«Զօր. Աունի հետ քննարկեցինք Շեպաայի գործողութիւնն ու անոր արդիւնքները, եւ համաձայնութիւն գոյացաւ թշնամիին դիմադրելու տարազը ամուր պահելու մասին», ըսաւ Քումաթի:

Ան շեշտեց, որ հակառակ շրջանը ցնցող ապահովական եւ ահաբեկչական բոլոր իրարանցումներուն, Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը կը մնայ լաւագոյնը:

Քումաթի մաղթեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով արձանագրուին զարգացումներ` դիտել տալով, որ այդ իմաստով կան դրական նշոյլներ:

 

 

Նախորդը

Բանակը Ռմբակոծեց Ռաս Պաալպեքի Եւ Արսալի Բարձունքները

Յաջորդը

Վատիկանի Մէջ . Պապը Ընդունեց Ռայի Պատրիարքը

RelatedPosts

Աուն Եւ Սալամ Ողջունեցին  Սէուտական Արաբիոյ Որոշումը
Գլխաւոր լուրեր

Աուն Եւ Սալամ Ողջունեցին Սէուտական Արաբիոյ Որոշումը

Նոյեմբեր 15, 2025
Ուաշինկթըն. «Լիբանան Իսրայէլեան Ցամաքային  Ներխուժման Դէմ Ենք Եւ Լրջօրէն  Դիւանագիտական Լուծումի Հասնելու Կ՛աշխատինք»
Լիբանանեան

Դիւանագիտական Աղբիւրներ «Ժատիտ»-ին. Ուաշինկթըն Չ՛ուզեր Միջնորդի Դեր Խաղալ, Այլ Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները Պէտք Է Ուղղակի Ըլլան

Նոյեմբեր 15, 2025
Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի.  Իսրայէլ Կը Մօտենայ Պեքայի  Եւ Պէյրութի Դէմ Յարձակում Գործելու
Լիբանանեան

Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի. Իսրայէլ Կը Մօտենայ Պեքայի Եւ Պէյրութի Դէմ Յարձակում Գործելու

Նոյեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?