Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սուրիացի Գաղթականներուն Տագնապը Երկրին Ապահովութեան Սպառնացող Ռումբ Մըն Է» Կ՛ըսէ Վարչապետ Սալամ

Փետրուար 9, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Թամմամ Սալամ Միւնիխի մէջ տեղի ունեցած ապահովական 51-րդ խորհրդաժողովին ընթացքին արտասանեց Լիբանանի խօսքը, որուն մէջ ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն գոյութիւնը կարելի չէ ժամանակաւոր գոյութիւն նկատել, իսկ նոյնիսկ եթէ անիկա ժամանակաւոր է, ապա անիկա Լիբանանի պէս դիւրաբեկ երկրի մը մէջ լարուած ռումբ մըն է, որ մնայուն կերպով կը սպառնայ Լիբանանի ապահովութեան:

«Սուրիացի գաղթականներուն տագնապը Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան վրայ իր հետեւանքները կ՛ունենայ. երկրին մէջ ոճիրներու եւ յանցագործութեան համեմատութիւնը բարձրացած է, իսկ Արսալի իրադարձութիւններուն արդէն իսկ բոլորը ծանօթ են: Այս տագնապին միակ լուծումը Սուրիոյ դիմագրաւած հարցին քաղաքական լուծումն է, եւ մէկ օրուան ուշացումն իսկ իր կշիռը ունի տագնապին բարդացման մէջ», ըսաւ Սալամ:

Ան շեշտեց, որ պէտք է վատթարացած ապահովական իրավիճակը բարելաւել` աւելցնելով, որ «ընտրանքները յստակ են, իսկ ժամանակը ի նպաստ մեզի չէ»:

Վարչապետ Սալամ կոչ ուղղեց եւրոպացիներուն շրջանային դէպքերէն հեռու չմնալու` աւելցնելով, որ Եւրոպայի տրամադրելիք լաւագոյն օժանդակութիւնը շրջանին մէջ բռնկած հրդեհը մարելն է:

Սալամ խստիւ դատապարտեց յորդանանցի օդաչու Մաազ Քասասիպայի եւ ճափոնցի երկու պատանդներուն մահապատիժները` նշելով, որ ինք կը դատապարտէ այդ քստմնելի ոճիրները` հարց տալով, թէ ինչո՞ւ աշխարհը նոյնքան ցնցումի չէ ենթարկուած, երբ լիբանանցի 4 բանակայիններ նոյնքան անարգ ոճիրներով սպաննուած են` նոյն ոճրագործներուն կողմէ: Ան նշեց նաեւ, որ տակաւին 26 բանակայիններ իբրեւ պատանդ կը գտնուին նոյն խմբաւորումներուն մօտ:

Ան ընդգծեց նաեւ Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Սալամ Կ՛ընդունի Ֆապիւսը

Ֆապիւս եւ վարչապետ Սալամ
Ֆապիւս եւ վարչապետ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ Միւնիխի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի հետ: Քննարկուեցան շրջանային եւ լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Ֆապիւս յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ Լիբանանի տրամադրուելիք երեք միլիառ տոլարի զինուորական սարքերուն եւ զինամթերքին առաջին մասնաբաժինը Լիբանան պիտի հասնի ապրիլի առաջին շաբթուան ընթացքին:

Հանդիպումին ընթացքին Ֆապիւս շեշտեց, որ Փարիզ յանձնառու կը մնայ Լիբանանին, անոր ապահովական կայունութեան, ինչպէս նաեւ կը զօրակցի անոր ազգային միասնականութեան եւ սահմանադրական հաստատութիւններուն ամրապնդումին:

Սալամ-Զարիֆ Հանդիպում           

Վարչապետ Սալամի այցելեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ, որ շեշտեց, թէ Իրան յանձնառու է Լիբանանի մէջ հանրապետութեան նոր նախագահ մը տեսնելու եւ այդ իմաստով պատրաստ է զօրակցելու միջլիբանանեան, յատկապէս միջքրիստոնէական որեւէ համաձայնութեան:

Զարիֆ ընդգծեց, որ Իրանի շահերուն կը ծառայէ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը, հետեւաբար ան չի փափաքիր, որ Լիբանանի կայունութիւնը խախտում արձանագրէ:

Ան դրուատեց վարչապետ Սալամի դերակատարութիւնը եւ ողջունեց լիբանանեան տարբեր ուժերուն միջեւ երկխօսութիւնը:

Իր կարգին, վարչապետ Սալամ մաղթեց, որ Թեհրան իր ներդրումը ունենայ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան օժանդակելու առումով:

«Իւրաքանչիւր օր, որուն ընթացքին Լիբանանի նախագահական աթոռը թափուր կը մնայ, Լիբանանի եւ անոր ազգային համերաշխութեան վրայ ժխտական անդրադարձ կ՛ունենայ», ըսաւ Սալամ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին առումով արձանագրուած զարգացումները:

Վարչապետը Կը Հանդիպի Լաւրովին

Վարչապետ Սալամ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:

Հանդիպումէն ետք Լաւրով ողջունեց Լիբանանի մէջ ընթացող երկխօսութիւնը` յոյս յայտնելով, որ Լիբանանի քաղաքական մթնոլորտը կը համակուի դրական փոփոխութիւններով:

Լաւրով բարձր գնահատեց նաեւ վարչապետ Սալամի եւ կառավարութեան ջանքերը` մաղթելով, որ լիբանանցիները ընտրեն հանրապետութեան նախագահ մը, որ ժողովուրդին իսկական ներկայացուցիչն է եւ որ կարող է ազգային դերակատարութիւն ունենալու:

Լաւրով շեշտեց, որ Մոսկուա կը զօրակցի Թաէֆի համաձայնագիրին, ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին եւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան:

Նշենք, որ վարչապետ Սալամ Միւնիխի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատիի, Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրիի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար շէյխ Ապտալլա պըն Զայէտի եւ Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարար Պորկի Պրինտիի հետ:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներ Լիբանանեան Բանակին Կը Նուիրեն 72 Թնդանօթ Եւ 151 Բեռնարկղ Զինամթերք

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?