Պեքաայի մէջ ապահովական ծրագիրին գործադրութեան շրջագիծին մէջ լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը շարունակեցին իրենց առաքելութիւնը եւ ներխուժեցին կարգ մը շրջաններ, ուրկէ ձերբակալեցին մեծ թիւով յանցագործներ եւ գրաւեցին գողցուած իրեր:
Բանակին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Քնայսէի, Ռիհայի, Պրիթելի, Ֆաուրի, Շարաուինայի, Տէյր Ահմարի եւ այլ թաղամասերու մէջ ապահովութեան ուժերը ձերբակալեցին 33 լիբանանցի եւ սուրիացի յանցագործներ, որոնք թմրեցուցիչի պատրաստութեան գործարան մը կը վարէին:
Անոնք գրաւեցին նաեւ 9 գողցուած ինքնաշարժներ, ինչպէս նաեւ 26 գողցուած մոթորսիքլեթներ եւ զէնք ու զինամթերք: