Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Փետրուար 16, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ռոթըրնեթ» կայքը կը տեղեկացնէ, որ Լիբանանէն թռչող անօդաչու սարք մը թռիչքներ կատարած է Իսրայէլի եւ Նաքուրայի վերեւ` 20 վայրկեանուան համար, ապա վերադարձած Լիբանան:

ԱՌԵՒԱՆԳՈՒԱԾ զինուորներէն Ապտել Ռահիմ Մըրատի ծնողքը այցելեց Արսալի բարձունքները եւ կոչ ուղղեց արագացնելու առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու բանակցութիւնները` իր զաւկին վիճակը նկատելով ահռելի:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, անդրադառնալով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի արտասանած ճառին, յայտնեց, որ կարեւորագոյնը Հարիրիի կողմէ երկխօսութեան կարեւորութեան վրայ դրուած շեշտն է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը դէմ յանդիման խօսելու քայլ մըն է, իսկ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու որոշումը Թեհրանի մօտ կը գտնուի:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Անթուան Նասրալլա շեշտեց, որ քրիստոնեայ համայնքը պէտք է ըլլայ հեռատես եւ գործէ ապագայի հեռանկարով:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ եթէ կառավարութիւնը չի կրնար որոշումներ տալ, ապա ան պէտք չունի ժողովներ գումարելու:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին յայտնեց, որ Շեպաայի գործողութիւնը փաստած է, թէ Դիմադրութիւնը իր թշնամիներուն դէմ դնելու առումով կը մնայ պատասխանատու:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի պատասխանատուներէն Եուսեֆ Սաատէ շեշտեց լիբանանեան ներքին երկխօսութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ անհրաժեշտ է այդ երկխօսութիւնը պահպանել` ամրապնդելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ յայտնեց, որ իրենք պիտի չհրաժարին իրենց համոզումներէն եւ ոչ մէկ զիջում պիտի ներկայացնեն` Հըզպալլայի հետ իրենց երկխօսութեան առումով:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի ընդգծեց, որ որոշուած է ամէն գնով Շատի Մաուլաուին ձերբակալել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ ինք Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ի նպաստ պիտի չքուէարկէ, նոյնիսկ եթէ քրիստոնէական քաղաքական ուժերը անոր անձին շուրջ համախոհութիւն գոյացնեն:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ գոյացած որեւէ համաձայնութեան պարագային ինք ստիպուած չի զգար նախագահական այս կամ այն թեկնածուին ի նպաստ քուէարկելու:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի անդամ երեսփոխան Ղազի Արիտի յայտնեց, որ իրենք կը զօրակցին Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար Սաատ Հարիրիի` անոր հօր քաղաքական ուղեգիծին գործադրութեան առումով եւ մաղթեց, որ Հարիրի մնայ Լիբանանի մէջ:

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար յայտնեց, որ ինք ուրախ է Թրիփոլիի հրապարակէն սեւ դրօշակները վերցնելու քայլին համար, որովհետեւ անոնք դարձած են ՏԱՀԵՇ-ի խորհրդանիշները:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամի մօտիկ աղբիւրներ կը նախատեսեն, որ վարչապետը իր հրաժարականով սպառնայ կառավարութեան աշխատանքները խոչընդոտող քաղաքական ուժերուն դէմ:

Նախորդը

Ահաւոր Դէպք` Լիպիոյ Մէջ. ՏԱՀԵՇ Յայտարարեց 21 Ղպտիի Գլխատումը

Յաջորդը

Սէյիտ Նասրալլա Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղէ Իր Խօսքին Ընթացքին Չկրակելու

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?