Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիպիոյ Մէջ 21 Ղպտիներուն Սպանութիւնը Դատապարտող Կեցուածքներ

February 17, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

enhanced-21590-1424029250-1Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Վատիկանէն դատապարտեց Լիպիոյ մէջ 21 եգիպտացի ղպտիներուն դէմ կատարուած անարգ ոճիրը, որ գործուած էր ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ:

Ռայի պատրիարքը ցաւակցութիւն եւ զօրակցութիւն յայտնեց Եգիպտոսի ղպտի համայնքի Թէոդորոս Բ. պապին` մաղթելով, որ իրենց աղօթքներուն շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ շրջանին մէջ տիրող ահաբեկչութիւններուն վերջ տալ:

Ռայի պատրիարքը ՏԱՀԵՇ-ի գործած ոճիրը որակեց վայրագ` նշելով, որ անիկա մերժելի է քաղաքական բոլոր ուժերուն կողմէ: Ան կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին եւ Արեւելքի երկիրներուն` գործակցելու եւ ահաբեկչութիւնը  արմատախիլ ընելու:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան հաստատեց, որ ղպտիները գլխատելու հիմնական նպատակն է իսլամներուն եւ ղպտիներուն միջեւ գրգռութիւններ հրահրել եւ սադրանքներ նախապատրաստել` աւելցնելով, որ այս մասին քրիստոնեաներուն գիտակցութիւնը գերակշիռ է եւ անիկա պիտի յաղթէ ահաբեկչութեան:

Ան դատապարտեց Լիպիոյ մէջ 21 ղպտիներու գլխատումը եւ այս առումով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Եգիպտոսի ղպտի համայնքի Թէոդորոս Բ. պապին հետ:

Միւֆթի Տըրիան հաստատեց, որ իսլամութիւնը ոչ մէկ կապ ունի նման անարգ ոճիրներու եւ ահաբեկչութեան հետ:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց հաւատադրժողական ահաբեկչութիւնը, որ կը սպառնայ բոլորին եւ բոլոր երկիրներուն:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի խստիւ դատապարտեց Լիպիոյ մէջ 21 եգիպտացիներու սպանութիւնը` այդ արարքը նկատելով քստմնելի ոճիր մը, որ գործուած է ահաբեկիչներու կողմէ:

Հարիրի զօրակցութիւն յայտնեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիին եւ եգիպտացիներուն. ան ցաւակցութիւն յայտնեց նահատակներուն ընտանիքներուն` մաղթելով, որ արաբները կարենան կտրական վերջ մը դնել ահաբեկչութեան:

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա խստիւ դատապարտեց Լիպիոյ մէջ ղպտիներուն սպանութիւնը` շեշտելով, որ կարելի չէ բաւարարուիլ դատապարտումի կեցուածքներով: Ան շեշտեց, որ այդ արարքը բարբարոսութիւն է եւ վայրագութիւն, որ մարդկային արժանիքներուն, իսլամներուն եւ իսլամութեան հետ ոչ մէկ կապ ունի:

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր դատապարտեց ՏԱՀԵՇ-ի գործած անարգ ոճիրը` շեշտելով, որ պէտք է ահաբեկչական այս կազմակերպութեան դէմ ամէն ձեւով պայքարիլ, ինչպէս նաեւ  այս կազմակերպութեան ահաբեկչական  մտայնութիւնը փճացնել:

Պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ 21 եգիպտացի ղպտիներու սպանութեան նպատակն է քրիստոնեայ համայնքը երկիւղի մատնել` ծառայելու համար խաւարի ծրագիրի մը:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ իր կարգին խստիւ դատապարտեց Լիպիոյ մէջ ղպտիներուն սպանդը` շեշտելով, որ ՏԱՀԵՇ անմարդկային կազմակերպութիւն մըն է, որ հրէշային մտայնութեամբ կը գործէ ամէնէն անարգ ոճիրները:

Ժահժահ ողջունեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի քաջ որոշումը` Լիպիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի կեդրոնները ռմբակոծելու առումով:

Ան ցաւակցութիւն յայտնեց Եգիպտոսի նախագահին եւ եգիպտացի ժողովուրդին` 21 ղպտիներու սպանութեան սուգին առիթով:

Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ խստիւ դատապարտեց ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ 21 ղպտի եգիպտացիներու գլխատումը` շեշտելով, որ իսլամ կրօնը ոչ մէկ կապ ունի այս սպանութիւններուն հետ:

Ղովմի կուսակցութեան երեսփոխան Մարուան Ֆարես յայտնեց, որ Լիպիոյ մէջ ղպտիներուն դէմ գործուած ոճիրը ոչ մէկ կապ ունի կրօնի կամ իսլամութեան հետ: Ան շեշտեց, որ արաբական քաղաքակրթութիւնը ոչ մէկ առնչութիւն կրնայ ունենալ ՏԱՀԵՇ-ի հետ` աւելցնելով, որ հաւատադրժողական ահաբեկչութիւնը կը սպառնայ Եգիպտոսին, Սուրիոյ, Լիբանանին, արաբական աշխարհին ու Եւրոպային:

Նախորդը

Տար Ուեսհայի Մէջ Բանակը Ձերբակալեց Յանցագործներ Եւ Գրաւեց Մեծ Քանակով Թմրեցուցիչ

Յաջորդը

Վարչապետ Սալամ Սիսիի Եւ Թէոդորոս Բ. Պապին Ցաւակցագիրներ Յղեց

RelatedPosts

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Պատրաստ Է Իրանի Հետ  Տնտեսական Եւ Առեւտրական  Յարաբերութիւններու Ամրապնդման»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Պատրաստ Է Իրանի Հետ Տնտեսական Եւ Առեւտրական Յարաբերութիւններու Ամրապնդման»

January 10, 2026
Աուն-Ֆոն Տեր Լեյեն-Քոսթա Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Աուն-Ֆոն Տեր Լեյեն-Քոսթա Բանակցութիւններ

January 10, 2026
Ֆրանսա Կ՛ողջունէ Զէնքի Մենաշնորհման  Ծրագիրի Առաջին Փուլի Իրագործումը
Լիբանանեան

Ֆրանսա Կ՛ողջունէ Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Իրագործումը

January 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.