ՊԵՏԱԿԱՆ շուրայի նախագահ, դատախազ Շուքրի Սատեր յայտնեց, որ դատախազները իրենց կարգին ենթակայ են պատժուելու` աւելցնելով, որ դատական իշխանութիւնները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն իրենց համակարգը բարելաւելու` յանձնառու մնալով քաղաքացիներուն շահերուն:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Մարատա հոսանքը պիտի մերժէ կառավարութեան գործելաձեւին իմաստով վարչապետ Թամմամ Սալամի որդեգրելիք բարեփոխումը:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ ինք կը մերժէ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի քաղաքական ասպարէզի լքումը, որովհետեւ տիւրզի համայնքը կը գտնուի զգայուն կացութեան մէջ եւ կարիքը ունի Ուալիտ Ժոմպլաթի ներկայութեան:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի արտասանած ճառը ուղղուած էր ներքին եւ արտաքին ուժերուն, յատկապէս Հըզպալլայի քաղաքականութեան դէմ Մուսթաքպալի կեցուածքը արտայայտելու առումով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր նախատեսեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութեան նիստը այսօր տեղի ունենայ: Ան աւելցուց, որ անհաւանական է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի միջեւ հանդիպում մը:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթը իր տեղեկութիւնները քաղելով նախարարական աղբիւրներէ, կը տեղեկացնէ, թէ կառավարութեան աշխատանքի գործելաձեւին շուրջ համաձայնութիւն չկայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ իրենք կը զօրակցին լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն` ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղութեան դէմ մղուած պայքարին գծով:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Թրիփոլիի Քըպպէ շրջանին մէջ ձերբակալեց դատական իշխանութիւններուն կողմէ բազմաթիւ յանցանքներով պահանջուած Իպրահիմ Տանտաշին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատուներէն Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով բոլոր հաւանականութիւնները առկայ են` աւելցնելով, որ կրնայ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ դառնալ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախագահ ընտրուելուն կնքահայրը:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ Դիմադրութեան ուղեգիծը հիմնուած է Լիբանանին սպառնացող դժուարութիւնները դիմագրաւելու առաքելութեան վրայ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան պատասխանատուներէն Էտի Ապի Լամահ յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ահաբեկիչ մըն է, որ ՏԱՀԵՇ-ին չի նմանիր, սակայն ան ստեղծած է վերջինը:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի կոչ ուղղեց` շրջանցելու կառավարութեան մէջ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները եւ վերադառնալու դէպի կառավարութեան նիստերը:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ կառավարութեան դիմագրաւած դժուարութիւնը անոր գործելաձեւին մէջ չի կայանար, այլեւ նախագահական ընտրութեան արձանագրած յապաղումին մէջ:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Նահար» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը ողջունելի է եւ կ՛երաշխաւորէ Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի յայտնեց, որ ներքին լիբանանեան առումով իրարու հանդէպ թշնամական կեցուածքներ չկան` հաստատելով, որ իրենց թշնամին Իսրայէլն է:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ժարիտա» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի համար նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի արտասանած ճառը անակնկալ մը չէ եղած:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի անդամ Ասեմ Արաժի շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կատարած յայտարարութիւնները ոչ մէկ ձեւով պիտի ազդեն Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալի միջեւ երկխօսութեան վրայ:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի արտասանած ճառը նկատած են սիւննի համայնքի չափաւորականութեան չափանիշ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի արտասանած խօսքին կարեւորագոյն բաժինը ազգային երկխօսութեան կարեւորութիւնը շեշտելն է:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ կոչ ուղղեց` վերատեսութեան ենթարկելու կառավարութեան աշխատանքի գործելաձեւը, որպէսզի կարելի ըլլայ կառավարութեան աշխատանքը աշխուժացնել:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ կառավարութիւնը նիստի մը պիտի չհրաւիրէ, նախքան անոր գործելաձեւին շուրջ համաձայնութեան մը գոյացումը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ նախագահական աթոռին թափուր մնալը կը սպաննէ Լիբանանը եւ կը հարուածէ անոր պետական հաստատութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ճառը կը փաստէ, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը իրենց սկզբունքներուն կառչած կը մնան:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի ֆիզիքապէս սպաննուած է, սակայն անոր քաղաքական ուղեգիծը տակաւին կենդանի է եւ կ՛արտացոլայ Սաատ Հարիրիի ընդմէջէն:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ այս հանգրուանին երկխօսութիւնը հիմնական է եւ պէտք է կատարուի:
ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն յայտնեց, որ անկարելի է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ հանդիպումը դրական չըլլայ: