Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պեքաայի Մէջ Ապահովական Ծրագիրը Կատարեալ Հեզասահութեամբ Կը Գործադրուի

February 14, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

21315_britalՆերքին գործոց նախարարութեան կողմէ Պեքաայի համար մշակուած ապահովական ծրագիրը, որ վաւերացուցած էր կառավարութիւնը, նախանցեալ օր սկսաւ գործադրուիլ Պեքաայի մէջ:

Հակառակ Լիբանանը հարուածող «Եոհան» ձիւնամրրիկին, Պեքաայի մէջ տեղացող առատ ձիւնին եւ ցուրտին, ապահովական այդ ծրագիրը կատարեալ հեզասահութեամբ սկսաւ գործադրուիլ:

Լիբանանեան բանակին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, ապահովական այդ ծրագիրը գործադրուած է Պեքաայի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու նպատակով:

Հաղորդագրութիւնը կը տեղեկացնէ, որ բանակն ու ապահովութեան ուժերը Պաալպեքի, Ռայեաքի, Պրիթելի, Հորթաալայի, Տուրեսի, Համմուտիէի, Հըզզինի, եւ այլ գիւղաքաղաքներու մէջ ձերբակալած է 56 յանցագործներ, ինչպէս նաեւ գրաւած է 2 թոն հաշիշ եւ 18 գողցուած ինքնաշարժ:

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք` ընկերակցութեամբ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի եւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուսի,  ուղղուեցաւ Պեքաա, Ռայեաք եւ Պրիթել, ուր ողջունեց ապահովութեան ուժերը անոնց գործադրած ապահովական տեսակարար գործողութեան առիթով: Ան մաղթեց, որ աւելի ուշ կարելի ըլլայ գործադրել նաեւ բարգաւաճման կարգ մը ծրագիրներ, որոնց խիստ կարիքը ունի շրջանը:

Իր կատարած շրջապտոյտէն ետք, Մաշնուք մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին բարձր գնահատեց ապահովութեան ուժերուն ջանքերը` այդ ծրագիրին գործադրութեան համար:

Ան նշեց, որ ինք իմացած է, թէ լուրջ յանցանքներով ամբաստանուած յանցագործներ փախուստ տուած են դէպի Սուրիա, սակայն ապահովական ծրագիրին գործադրութիւնը եւ անոր հետեւողական շարունակութիւնը պիտի արգիլէ անոնց վերադարձը:

Մաշնուք հաստատեց, որ վերադարձող յանցագործը պիտի ձերբակալուի եւ համապատասխան պատիժը կրէ:

Պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներէն մէկուն` Մաշնուք յայտնեց, որ այդ ծրագիրին մասին նախապէս չէր յայտարարուած` յանցագործներուն փախուստին ապահովումը կանխարգիլելու առումով, սակայն յստակ էր, որ ապահովական ծրագիրը, որ սկսաւ Սայտայէն, ապա հասաւ Թրիփոլի, անպայմանօրէն պիտի հասնէր Պեքաա եւ աւելի ուշ պիտի շարունակուի նաեւ այլ շրջաններու մէջ:

Նախորդը

Կառավարութեան Գործելաձեւի Բարեփոխումին Իմաստով Վարչապետ Սալամ Խորհրդակցութիւններ Կը Կատարէ

Յաջորդը

Առճակատումը Ճանապարհ Չէ

RelatedPosts

Փարիզի Մէջ Բանակի Աջակցութեան  Խորհրդաժողովը` 5 Մարտին
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Բանակի Աջակցութեան Խորհրդաժողովը` 5 Մարտին

January 15, 2026
Լիբանանի Պետական Պատկերասփիւռի Արխիւը`  ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Աշխարհի  Յիշողութեան Ցուցակի Թեկնածու
Լիբանանեան

Լիբանանի Պետական Պատկերասփիւռի Արխիւը` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Աշխարհի Յիշողութեան Ցուցակի Թեկնածու

January 15, 2026
Ընդունելով Լը Տրիանը`  Պըրրի. «Իսրայէլ Պէտք Չէ Լիբանանի Դէմ  Իր Յարձակումները Շարունակէ»
Լիբանանեան

Ընդունելով Լը Տրիանը` Պըրրի. «Իսրայէլ Պէտք Չէ Լիբանանի Դէմ Իր Յարձակումները Շարունակէ»

January 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.