Լիբանանեան

Զօր. Աունի Եւ Ժահժահի Միջեւ Հանդիպումը Մօտալուտ Է

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ երկխօսութիւնը հեզասահ կ՛ընթանայ` աւելցնելով, որ իրենք յաջողած են երկխօսութեան իմաստով խոչընդոտները եւ դժուարութիւնները շրջանցել: Միւս կողմէ, «Ախպար» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կը սպասէ զօր. Աունի հետ հանդիպելու յարմարագոյն ժամանակին:

Մաշնուք. «Հըզպալլայի Հետ Երկխօսութեան  Ընթացքին Ահաբեկչութեան Դէմ  Պայքարը Լրջօրէն Քննարկուեցաւ»

Մաշնուք. «Հըզպալլայի Հետ Երկխօսութեան Ընթացքին Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարը Լրջօրէն Քննարկուեցաւ»

Նուհատ Մաշնուք Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ Հըզպալլայի հետ երկխօսութեան վերջին նիստին ընթացքին ահաբեկչութեան դէմ պայքարը լրջօրէն քննարկուած է` աւելցնելով, որ քննարկումները կեդրոնացան այդ ռազմավարութիւնը սահմանադրութեան համաձայն մշակելու կարելիութիւններուն վրայ: Մաշնուք ընդգծեց, որ պէտք է ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու միացեալ ենթահող մը գտնել` աւելցնելով, որ այդ ռազմավարութիւնը կարիքը ունի պետութեան եւ ոչ թէ կուսակցութիւններու, «իսկ միացեալ ենթահող մը միայն...

Քաթար Դարձեալ Պիտի Ստանձնէ Ժապհաթ  Նուսրայի Հետ Բանակցութիւնները  Վարելու Պարտականութիւնը

Քաթար Դարձեալ Պիտի Ստանձնէ Ժապհաթ Նուսրայի Հետ Բանակցութիւնները Վարելու Պարտականութիւնը

«Ժումհուրիա» օրաթերթին համաձայն, Քաթար դարձեալ պիտի ստանձնէ առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու առումով Ժապհաթ Նուսրայի հետ բանակցութիւնները վարելու պարտականութիւնները: Նոյն օրաթերթին համաձայն, այս մասին յայտնած է Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, որ վերջերս առեւանգուած բանակայիններուն հարցով այցելած էր Քաթար: Կը նախատեսուի, որ Ապպաս Իպրահիմ յառաջիկայ օրերուն այցելէ նաեւ այլ մայրաքաղաքներ, որոնք ուղղակի կապ ունին այս թղթածրարին հետ: Միւս կողմէ,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որ անոր յանձնեց Թուրքիա այցելութեան հրաւէր մը` յղուած Թուրքիոյ կրօնական հարցերու նախարար Մոհամետ Ղուրմազի կողմէ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ առաւօտեան թռիչքներ գործեց Արքուպի եւ Մերժահիունի վերեւ` ոտնձգութիւններ գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ: «ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան...

Մուսթաքպալ-Հըզպալլա  Երկխօսութեան Զ. Նիստ

Մուսթաքպալ-Հըզպալլա Երկխօսութեան Զ. Նիստ

Երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այն Թինէի մէջ տեղի ունեցաւ Մուսթաքպալ հոսանքի եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութեան Զ. նիստը, որուն ներկայ գտնուեցան Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլ, ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Նատեր Հարիրի, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք եւ Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր, ինչպէս նաեւ...

Վարչապետ Սալամ Նախագահեց Առեւանգուած  Բանակայիններուն Վերաբերող Նիստի Մը

Վարչապետ Սալամ Նախագահեց Առեւանգուած Բանակայիններուն Վերաբերող Նիստի Մը

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց առեւանգուած բանակայիններուն վերաբերող նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան վերջիններս ազատ արձակելու բանակցութիւններուն մանրամասնութիւնները: Վարչապետ Սալամ ընդունեց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան գործելաձեւին վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը համաձայն է ներկայիս կառավարութեան որդեգրած գործելաձեւին, այլ խօսքով` որոշումները համախոհութեամբ գոյացնելուն: Պասիլ աւելցուց, որ համախոհութեան ոգիին ընդմէջէն...

Նախագահական Ընտրութեան 19-րդ Նիստը  Եւս Ձախողեցաւ Իր Առաքելութեան Մէջ

Նախագահական Ընտրութեան 19-րդ Նիստը Եւս Ձախողեցաւ Իր Առաքելութեան Մէջ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահական ընտրութեան նիստը յետաձգեց 11 մարտ 2015-ին` խորհրդարանին մէջ երեսփոխաններու օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով: Միւս կողմէ, Պըրրի Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին մտահոգութիւն յայտնեց երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն գործունէութիւնը սառեցնելու քայլերուն առումով: Ան հաստատեց, որ կարելի չէ այս ձեւով շարունակել աշխատանքը` պահանջելով անմիջական լուծում մը գտնել տիրող կացութեան: Պըրրի կոչ ուղղեց կառավարութեան ճշդելու աշխատանքի...

Դեսպան Քոչարեան Այցելեց  Արտաքին Գործոց Նախարարին

Դեսպան Քոչարեան Այցելեց Արտաքին Գործոց Նախարարին

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան երէկ այցելեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Հանդիպումին ընթացքին նախարար Պասիլ եւ դեսպան Քոչարեան գոհունակութիւն յայտնեցին քաղաքական երկխօսութեան համար` միաժամանակ ընդգծելով երկկողմանի գործակցութիւնը նոր բովանդակութեամբ համալրելու կարեւորութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ բարձրաստիճան պատուիրակութիւններու փոխադարձ այցելութիւններուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի...

Հարիրի Ընթրիք Մը Սարքեց  Ի Պատիւ Զօր. Աունի

Հարիրի Ընթրիք Մը Սարքեց Ի Պատիւ Զօր. Աունի

Հարիրի եւ զօր. Աուն Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը` ընկերակցութեամբ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախկին երեսփոխան Ղաթթաս Խուրի: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Ապա տեղի ունեցաւ Հարիրիի կողմէ զօր. Աունի ի պատիւ սարքուած ընթրիքը: Կը նախատեսուէր, որ այդ հանդիպումէն...

Բանակը Ձերբակալած Է Աւազակախումբ Մը Եւ Անոր Մօտ Գտած Եկեղեցական Գոյքեր

Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ ձերբակալեց աւազակախումբ մը, որուն մօտ գտնուեցան գողցուած եկեղեցական գոյքեր: Բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Պեքաայի մէջ ապահովական ծրագիրի գործադրութեան շրջագիծին մէջ ապահովութեան ուժերը Շարաուինայի եւ Պուտայի մէջ կատարեցին ներխուժումներ, որոնց ընթացքին ձերբակալեցին յանցագործներ, ինչպէս նաեւ գրաւեցին ինքնաշարժներ: Բանակը Պաալպեքի Թիպէ գիւղաքաղաքին մէջ ներխուժեց նաեւ սուրիացի գաղթականներով բնակուած վրաններ, ուր ձերբակալեց չորս...

Պէյրութի Նաւահանգիստի Դ. Նաւամատոյցը Փակելու Աշխատանքները Սկսան Եւ Անմիջապէս Կասեցուեցան

Երէկ առաւօտեան Պէյրութի նաւահանգիստի չորրորդ նաւամատոյցը փակելու աշխատանքը դարձեալ սկսաւ, սակայն ան անմիջապէս կանգ առաւ, երբ բեռնատարներու սեփականատէրերը վերադարձան իրենց բողոքի ցոյցին: Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ փութաց Պէյրութի նաւահանգիստ եւ զօրակցեցաւ բեռնատարներու սեփականատէրերու ցոյցին: Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ յայտնեց, որ ինք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ` աւելցնելով, որ Սալամ շեշտած է, թէ ինք տեղեակ չէ այդ...

Զօր. Աունի 80-Ամեակին Առիթով Ժահժահի Մաղթանքը

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ իր թուիթըրեան հաշիւին ընդմէջէն մաղթանք մը յղեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունին` անոր 80-ամեակին առիթով: Ժահժահ գրեց հետեւեալը. «Կը մաղթեմ, որ նախքան յաջորդ տարեդարձդ մեր միջեւ ամբողջական համաձայնութիւն գոյացած ըլլայ: Բարի տարեդարձ»: Իր կարգին, զօր. Աուն Ժահժահի մաղթանքին պատասխանեց հետեւեալ ձեւով. «Շնորհակալութիւն, մաղթելով, որ մեր համաձայնութիւնը Մեծ պահքի աւարտին...

Միւֆթի Տըրիան Կը Դիմէ  Արդարութեան Նախարարին

Միւֆթի Տըրիան Կը Դիմէ Արդարութեան Նախարարին

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆիէն խնդրեց, որ  ընդհանուր դատախազութենէն պահանջէ հետապնդել լիբանանցի բեմադրիչ Շարպել Խալիլի թուիթըրեան հաշիւով  հրապարակուած նկարը, որ կը միտի համայնքային եւ յարանուանական գրգռութիւններ հրահրել:

Արսլան. «Լիբանանեան Իրադարձութիւնները  Սուրիոյ Վրայ Ազդեցութիւն Չեն Ունենար»

Արսլան. «Լիբանանեան Իրադարձութիւնները Սուրիոյ Վրայ Ազդեցութիւն Չեն Ունենար»

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ լիբանանեան իրադարձութիւնները Սուրիոյ վրայ ազդեցութիւն չեն ունենար, այլ` հակառակը: Միւս կողմէ, Արսլան շեշտեց, որ շրջանային տագնապը իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Լիբանանի վրայ` նախագահի ընտրութեան, ազգային միասնականութեան եւ պետական հաստատութիւններուն առումով: Արսլան հաստատեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարող Կոլանը ի վերջոյ յաղթական դուրս պիտի գայ եւ Սուրիա պատմական...

Ռուսական «Ուինտի»-ն Սաստիկ Ցուրտի Ալիքով Մը Պիտի Պատէ Լիբանանը

Քաղաքացիական օդանաւորդութեան օդերեւութաբանական գրասենեակին համաձայն, Լիբանան հասած ռուսական «Ուինտի» ձիւնամրրիկը սաստիկ ցուրտի ալիքով մը պիտի պատէ Լիբանանը: Կը նախատեսուի, որ այսօր առաւօտեան ծովուն մակերեսէն 1000 մեթր բարձրութեան վրայ ձիւնէ, իսկ հինգշաբթիէն ուրբաթ լուսցող գիշերուան ընթացքին ծովուն մակերեսէն միայն 500 մեթր բարձրութեան վրայ պիտի ձիւնէ: «Ուինտի»-ին պատճառով կը նախատեսուի, որ մայրաքաղաքին մէջ ջերմաստիճանը օրուան մէջ նուազի 6-ի եւ գիշերը` -2-ի, իսկ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՖՐԱՆՍԱՅԻ նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ երէկ պատասխան-նամակ մը յղեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթին, որ ցաւակցած էր «Շարլի Էպտօ»-ի սպանդին հարցով: Հոլլանտ հաստատեց, որ Ֆրանսա պիտի յաղթէ ահաբեկչութեան: ՆԱԽԿԻՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց նախագահական ընտրութեան անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ երկրին ապահովական կառոյցներուն, ինչպէս նաեւ կառավարութեան աշխատանքները աւելի հեզասահ կ՛ընթանան հանրապետութեան նախագահին գոյութեամբ: ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ...

Զօր. Աուն. «Պաշտպանութեան Նախարարին  Վստահութեան Քուէն Յետս Կը Կոչենք»

Զօր. Աուն. «Պաշտպանութեան Նախարարին Վստահութեան Քուէն Յետս Կը Կոչենք»

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Նիստէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ նախագահական աթոռը թափուր է` աւելցնելով, որ կառավարութեան կողմէ կատարուած պաշտօնավարութեան երկարաձգումները ապօրինի են: Զօր. Աուն յայտնեց, որ աշխարհի բոլոր բանակներուն պարագային, երբ հրամանատարը սպաննուի, անոր կը յաջորդէ հրամանատարին օգնականը, իսկ եթէ օգնական չըլլայ, ապա անոր պատասխանատուութիւնները...

Պըրրի Ընդունեց Հէյլը Եւ Խորհրդարանի  Յանձնախումբերը Հրաւիրեց Միացեալ Նիստի Մը

Պըրրի Ընդունեց Հէյլը Եւ Խորհրդարանի Յանձնախումբերը Հրաւիրեց Միացեալ Նիստի Մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօր պիտի նախագահէ հանրապետութեան նախագահ ընտրելու խորհրդարանի նիստին: Միւս կողմէ, երէկ Այն Թինէի մէջ ան ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Նշենք, թէ Պըրրի խորհրդարանի յանձնախումբերը հրաւիրեց միացեալ նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 24 փետրուարին:

Դէպի Հայաստան Տոմսը` 294 Տոլա՞ր

Դէպի Հայաստան Տոմսը` 294 Տոլա՞ր

«Ֆլայ Տուպայ» օդանաւային ընկերութիւնը երէկ կէսօրին յայտարարեց 48 ժամուան բացառիկ առիթ մը, որուն համաձայն, Պէյրութէն դէպի կարգ մը երկիրներ թռիչքներուն օդանաւային տոմսերուն գիները 30 առ հարիւրով նուազ արժէքով պիտի ըլլան, եթէ մինչեւ հինգշաբթի, 19 փետրուարի կէսօր մարդիկ ապահովեն իրենց տոմսերը: Օդանաւային այս տոմսերը կը ներառեն 22 փետրուարէն 31 մայիս 2015 երկարող ժամանակաշրջանը: Բացառիկ այս առիթին իբրեւ արդիւնք, դէպի Հայաստան երթուդարձի...

Մուսթաքպալ Պլոքը Կը Հաստատէ  Հըզպալլայի Հետ Երկխօսութիւնը

Մուսթաքպալ Պլոքը Կը Հաստատէ Հըզպալլայի Հետ Երկխօսութիւնը

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները: Նիստէն ետք երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Հարիրի ընդգծած է, թէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը եւ Հըզպալլայի հետ երկխօսութիւնը պիտի շարունակուին, ինչպէս նաեւ շեշտած է  Հըզպալլայի Սուրիայէն հեռանալու անհրաժեշտութիւնը: Հուրի շեշտեց, որ Մուսթաքպալի պլոքը խստիւ դատապարտեց Սաատ Հարիրիի արտասանած խօսքին ընթացքին Պէյրութի մէջ արձակուած կրակոցները`...

Page 970 of 985 1 … 969 970 971 … 985

Արխիւներ