Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պիել»-ի Մէջ. Նախկին Վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի Սպանութեան Ժ. Տարելիցի Նշում

Փետրուար 16, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

10th-assassination-anniversary-commemoration-of-Pr-Minister--Rafic-Hariri-15Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան Ժ. տարելիցին առիթով շաբաթ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, «Պիել»-ի մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի, որ այդ ձեռնարկին ներկայ գտնուելու նպատակով վերադարձած էր Պէյրութ:

«10, 100, 100 տարի եւ երթը կը շարունակուի» կարգախօսը կրող յիշատակի ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի նախագահի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ապտել Լաթիֆ Զէյն, վարչապետ Թամմամ Սալամ, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, նախարար Ժըպրան Պասիլ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ, մեծ թիւով նախարարներ եւ երեսփոխաններ, նախկին նախարարներ եւ երեսփոխաններ, հոգեւորականներ, զինուորականներ, լրագրողներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով ներկաներ:

Ներկայացուած գեղարուեստական յայտագիրին շրջագիծին մէջ սփռուեցաւ նախկին վարչապետին մասին վաւերագրական ժապաւէն մը, միւս կողմէ` Ռաֆիք Հարիրիի անուան կրթական ֆոնտին միջոցով բարձրագոյն ուսում ստացած եւ աւարտած երեք անհատներ իրենց վկայութիւնները ներկայացուցին:

Ապա նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի արտասանեց իր խօսքը, որուն մէջ ան կեդրոնացաւ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ սկսած երկխօսութեան, անոր կարեւորութեան եւ ազգային կարիք ըլլալու իրականութեան վրայ:

«Մենք երկխօսութեան մէջ լուրջ ենք եւ յուսամ արդիւնքի պիտի հասնինք», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, սակայն, Հարիրի վերահաստատեց Սուրիայէն Հըզպալլայի հեռացումին պահանջը` շեշտելով, որ Կոլանը հարաւային Լիբանանին կապելը խենթութիւն է եւ յաւելեալ պատճառ մը, որ Հըզպալլայէն խնդրեն Սուրիայէն հեռանալ:

Նախագահական ընտրութեան առումով Հարիրի կոչ ուղղեց առանց յաւելեալ յապաղումի կատարել այդ ընտրութիւնը:

Ան իր խօսքը եզրափակեց հաստատելով, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը հաստատ արդար վճիռ մը պիտի արձակէ իր հօր սպանութեան հարցով:

Նշենք, որ Հարիրիի խօսքին ընթացքին Պէյրութի մէջ Մուսթաքպալ հոսանքի համակիրները կրակեցին եւ «Էր. Փէ. Ժէ.» տիպի նռնականետեր արձակեցին` իբրեւ ուրախութեան նշան:

Այս մասին արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտէն խնդրած է կրակող բոլոր յանցագործները ձերբակալել:

 

 

Նախորդը

Դեսպան Աշոտ Քոչարեան Հանդիպումներ Ունեցաւ Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Յաջորդը

Պըրրի – Սալամ Հանդիպում

RelatedPosts

Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերու  Նիստը Վերածուեցաւ  Բանավէճի Եւ Անձնական Հարցի
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերու Նիստը Վերածուեցաւ Բանավէճի Եւ Անձնական Հարցի

Մարտ 29, 2023
Միքաթի Կրիոյի Հետ Քննարկեց Լիբանանին  Վերաբերող Հրատապ Հարցեր
Լիբանանեան

Միքաթի Կրիոյի Հետ Քննարկեց Լիբանանին Վերաբերող Հրատապ Հարցեր

Մարտ 29, 2023
Սայֆիի Մէջ.   «Վերստին Ոտքի Կանգնելու Լիբանանցիներուն  Կամքէն Եւ Կարողութենէն Վստահ Ենք»  Շեշտեց Պուխարի
Լիբանանեան

Սայֆիի Մէջ. «Վերստին Ոտքի Կանգնելու Լիբանանցիներուն Կամքէն Եւ Կարողութենէն Վստահ Ենք» Շեշտեց Պուխարի

Մարտ 29, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In