Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կոչ Կ՛ուղղենք Վերաշխուժացնելու Նախագահի Ընտրութեան Ներքին Լիբանանեան Ջանքերը Եւ Կը Զօրակցինք Ահաբեկչութեան Դէմ Ազգային Ռազմավարութիւն Մը Մշակելու Առաջարկին» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Փետրուար 17, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

21615_seyid1Հըզպալլայի կազմակերպութեամբ երէկ երեկոյեան ժամը 6:30-ին տեղի ունեցաւ Դիմադրութեան նահատակ ղեկավարներուն նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած խօսք մը:

Սէյիտ Նասրալլա խստիւ դատապարտեց Լիպիոյ մէջ 21 ղպտի եգիպտացիներուն գլխատումը` զայն նկատելով բարբարոսութիւն:

Նկատի ունենալով Լիբանանին սպառնացող ահաբեկչութեան մարտահրաւէրը` սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ իրենք կը զօրակցին ահաբեկչութեան դէմ ազգային ռազմավարութիւն մը մշակելու առաջարկին:

Անդրադառնալով ՏԱՀԵՇ-ի հիմնական նպատակին` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի իսկական նպատակը Մեքքէն եւ Մետինէն է եւ ոչ թէ Երուսաղէմը:

«Մենք իբրեւ ՏԱՀԵՇ-ի ու Ժապհաթ Նուսրայի եւ հաւատադրժողական այս հոսանքին դէմ պայքարող կազմակերպութիւններ, համոզուած ենք, որ կը պայքարինք ի խնդիր իսլամութեան պաշտպանութեան, որովհետեւ իսլամ կրօնը անկարելի է, որ անոնց արարքները քաջալերէ», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով այն առաջարկին, որ Հըզպալլան Սուրիայէն հեռանայ, սէյիտ Նասրալլա ըսաւ. «Կոչ կ՛ուղղեմ այդ առաջարկը ներկայացնողներուն մեզի միանալու եւ միասնաբար Սուրիա երթալու»:

Պէտք է նշել, որ Հըզպալլայի անդամներն ու համակիրները անսացին իրենց ղեկավարին պահանջին եւ առանց փամփուշտ մը իսկ կրակելու հետեւեցան անոր խօսքին:

Կրակելու փոխարէն անոնք դեղին եւ սպիտակ հինգ հազար փուչիկներ թռցուցին:

Սէյիտ Նասրալլա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին` անոնց ցուցաբերած զօրակցութեան եւ յանձնառութեան համար:

Նախորդը

«ՀՅԴ-ն Գոհ Է Իր Քաղաքական Դաշինքներուն Առումով Եւ Գործակցութեան Ձեռք Կ՛երկարէ Բոլորին» Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի

Յաջորդը

Գերմանիոյ Ձախերու Կուսակցութիւնը Ցեղասպանութեան Յիշատակման Բանաձեւ Մը Ներկայացուցած Է Խորհրդարանին

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?