Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Իպրահիմի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Պատրէտտին Զայետը, որուն հետ քննարկեց եգիպտացի քաղաքացիներուն վերաբերող հարցեր:
Նշենք, որ Իպրահիմ ընդունեց Պէյրութի նաւահանգիստի փոխադրատարներու սեփականատէրերու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Նայիմ Սաուայայի:
Քննարկուեցան Պէյրութի նաւահանգիստի չորրորդ նաւամատոյցի փակումին կապուած սենտիքային պահանջները:
Միւս կողմէ, Իպրահիմ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան պաշտօնաթերթին կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ շեշտեց, որ ապահովութեան ուժերուն դիմաց փակ շրջաններ չկան, իսկ ապահովութիւնը պիտի պարտադրուի ամբողջ Լիբանանի տարածքին: