
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը բոլոր լիբանանցիներուն է, երկրին քաղաքական տագնապին մաս պիտի չկազմէ եւ այս կամ այն ուժին համար խաղալիք պիտի չդառնայ:
Ան նշեց, որ պետական թէ քաղաքական դիրքերու տիրանալու առումով անձնական պահանջներու մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը անհիմն են:
«Լիբանանեան բանակին հրամանատարութիւնը կը գիտակցի իր պարտականութիւններուն եւ մասնագիտական կերպով ծրագրած է Լիբանանի պաշտպանութիւնը: Բանակը կարգապահութեան հաստատութիւն է եւ քաղաքական ձգտումներ չի հետապնդեր, ինչպէս նաեւ գաղտնի համաձայնագիրներու մասին չի մտածեր», ըսաւ ան:
Ան ընդգծեց, որ բանակը ստիպուած է պայքարիլ ահաբեկչութեան դէմ եւ անոր առաջնահերթութիւնն է Լիբանանը պաշտպանել ահաբեկչութենէն ու սադրանքներէն: