Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 7, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Արսալի շրջակայքը ձերբակալեց երկու լիբանանցիներ, որոնք կ՛ուղղուէին դէպի Արսալ` անոր բարձունքներուն վրայ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն միանալու նպատակով:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահը երկրին ապահովական կայունութեան եւ պետական հաստատութիւններուն աշխուժացման բանալին է:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատու, նախկին երեսփոխան Սելիմ Աուն յայտնեց, որ իրենք անշեղ կը մնան այն սկզբունքէն, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն հանրապետութեան նախագահ կ՛ընտրուի, կամ ալ հանրապետութեան նախագահ գոյութիւն չունենար:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ահաբեկիչներուն դէպի Շեպաա եւ Արեւմտեան Պեքաա մուտքի փորձերն ու վտանգները աւելի հաւանական դարձած են Քնայթրայի ճակատամարտերէն ետք:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ ստորագրուելիք փոխըմբռնումի համաձայնագիրին վերջին բարեփոխումները կը կատարէ` զայն Ռապիէ վերադարձնելու նպատակով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ անկարելի է ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ անհամաձայն ըլլայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ Հըզպալլայի կողմէ զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան կառչածութիւնը նախագահական ընտրութիւնը խոչընդոտելու խուսանաւում կը նկատուի:

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մութթալեպ Հըննաուի յոյս յայտնեց, որ խորհրդարանը վաւերացնէ ուսուցիչներուն եւ պետական պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձի յաւելումները:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս յայտնեց, որ Պքերքէ մարոնի ղեկավարները համախմբելու փորձ չի կատարեր: Ան անհրաժեշտ նկատեց նախագահական ընտրութիւնը ամէնէն արագ միջոցին կատարել:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆայի յայտնեց, որ Հըզպալլա բազմիցս հաստատած է, որ հարաւային Լիբանանը բաց է ապահովութեան ուժերուն դիմաց:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ յայտնեց, որ Իսրայէլ կը շարունակէ վեթոյի ենթարկել լիբանանեան բանակին զինումը:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի յայտնեց, որ մշակոյթի նախարարութեան տրամադրուած պիւտճէն ոչինչ է` աւելցնելով, որ իրենք մեծ գումարներու կարիք ունին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ ոչ ոք կրնայ կառավարութիւնը անդամալուծել, որովհետեւ անիկա ազգային անհրաժեշտութեան կառավարութիւն է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Հըզպալլայի հետ երկխօսութիւնը նկատառելի յառաջդիմութիւն արձանագրած է` աւելցնելով, որ հարցերն ու դժուարութիւնները մէկ կոճակի հարուածով կարելի չէ լուծել:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի եւ Պքերքէի միջեւ արձանագրուած երկխօսութիւնը ակնարկած է նախագահական ընտրութեան եւ կառավարութեան աշխատանքին:

 

 

Նախորդը

ՏԱՀԵՇ Ազատ Արձակեց Առեւանգեալ Բոլոր Ասորիները

Յաջորդը

«Ապահովութեան Ուժերուն Դիմաց Փակ Շրջաններ Չկան» Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.