Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանցի 50 Գործարարներ Պիտի Ծանօթանան Հայաստանի Երկրագործութեան Մարզին Մէջ Ներդրումներու Կարելիութեան

March 6, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-5-15_MakaronԼիբանանցի գործարարներ երկրի երկրագործութեան նախարարին գլխաւորութեամբ պիտի այցելեն Հայաստան` ծանօթանալու գիւղատնտեսութեան մարզի ներդրումային կարելիութիւններուն: Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգօ Կարապետեանի եւ Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ժան Մաքարոնի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ այս հարցը:

Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն յայտնած են, որ հանդիպման ընթացքին նախարարը գոհունակութիւն յայտնած է գիւղատնտեսութեան մարզին մէջ երկկողմանի համագործակցութեան ներկայ մակարդակին վերաբերեալ: «Մենք շատ բարձր կը գնահատենք ձեր ջանքերը` հայ-լիբանանեան բարեկամական կապերու ամրապնդման առումով, որովհետեւ Լիբանանը մեզի համար շատ կարեւոր գործընկեր մըն է, որ ունի նաեւ հայկական մեծ համայնք», նշած է նախարարը:

Դեսպան Մաքարոն իր կարգին նախարարին փոխանցած է Լիբանանի երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի ողջոյնն ու յառաջիկային Լիբանան այցելելու հրաւէրը` երկրին գիւղատնտեսական նորութիւններուն ծանօթանալու համար: Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ լիբանանեան ընկերութիւններէն մէկը փափաք յայտնած է բարեսիրական նպատակներով Աշտարակ քաղաքին նուիրել շուրջ 20 հազար եղեւնիի տնկիներ, որոնց համար արդէն յատկացուած է հողատարածք:

Նշելով, որ յառաջիկային կը նախատեսուի Լիբանանի գիւղատնտեսութեան նախարարին գլխաւորած պատուիրակութեան Հայաստան այցելութիւնը: Մաքարոն դիտել տուած է, որ անոր մաս պիտի կազմեն շուրջ 50 լիբանանցի գործարարներ: Դեսպանը համոզում յայտնած է, որ այցելութիւնը հրաշալի առիթ կրնայ հանդիսանալ գիւղատնտեսութեան մարզին մէջ հայ-լիբանանեան նոր գործարար կապերու հաստատման եւ դէպի Հայաստան լիբանանեան դրամագլուխի ներհոսքին համար:

Նախարար Կարապետեան  նոյնպէս ընդգծած է նմանատիպ այցելութիւններուն կարեւորութիւնը երկրագործական մարզին մէջ երկկողմանի յարաբերութիւններու խթանման համար եւ շեշտած, որ իբրեւ ներդրման հաւանական ուղղութիւն առաջնահերթ կը նկատուի անասնապահութեան մարզը եւ մասնաւորաբար ոչխարաբուծութիւնն ու թռչնաբուծութիւնը:

Հանդիպման աւարտին նախարարը անգամ մը եւս պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցութիւն ցուցաբերելու հայ-լիբանանեան փոխադարձ գործակցութեան խորացման եւ ընդլայնման:

 

 

Նախորդը

Ֆայսալ. «Իրան Կը Բռնագրաւէ Իրաքը»

Յաջորդը

Կառավարութեան Ընթացիկ Նիստին. «Նախագահական Թափուր Աթոռին Ժամանակաշրջանին Լաւագոյն Ընտրանքը Համախոհութիւնն Է» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.